Միջազգային

Պաքուն Ու Ուաշինկթընը Պատրաստ Են Համագործակցելու Հանքային Պաշարներու` Միջազգային Շուկաներ Տեղափոխումը Դիւրացնելու Համար

Պաքուն Ու Ուաշինկթընը Պատրաստ Են Համագործակցելու Հանքային Պաշարներու` Միջազգային Շուկաներ Տեղափոխումը Դիւրացնելու Համար

Ազրպէյճանն ու Միացեալ Նահանգները յայտարարած են, թէ պատրաստ են համագործակցելու հանքային պաշարներու` Միջին միջանցքին միջոցով միջազգային շուկաներ տեղափոխումը դիւրացնելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ այս մասին, ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, կ՛ըսուի երկու երկիրներուն միջեւ 10 փետրուարին ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, թէ Ազրպէյճանը եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են համագործակցելու մարդասիրական ականազերծման ոլորտին մէջ` ֆինանսական աջակցութեան եւ...

Քաթարի Իշխան-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Քաթարի Իշխան-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Քաթարի իշխանական դիւանատունը հաղորդեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ քննարկած է շրջանային ու միջազգային զարգացումները, մասնաւորաբար շրջանին մէջ կացութեան զարգացումը: Քննարկուած է նաեւ մագլցումը թուլացնելու եւ շրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը ամրապնդելու ջանքերը: Դիւանատունը նշեց, որ Քաթարի իշխանն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծած են հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ամերիկեան Եւ Իսրայէլեան Բանակներու Սպայակոյտերու Պետերը Ժողով Գումարած Են

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Ամերիկեան Եւ Իսրայէլեան Բանակներու Սպայակոյտերու Պետերը Ժողով Գումարած Են

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ ամերիկեան եւ իսրայէլեան բանակներու բարձրաստիճան զօրավարները ուրբաթ օր Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան` Փենթակոնի մէջ ժողով մը գումարած են` Իրանի հետ լարուածութեան մագլցման խորապատկերին վրայ: Երկու պաշտօնատարները ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Տան Քինի եւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիրի միջեւ դռնփակ բանակցութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ չեն յայտնած: Նշեալ ժողովին մասին...

Թրամփ Աշխարհի Ղեկավարները Հրաւիրեց 19 Փետրուարին Խաղաղութեան Խորհուրդի Բացման Նիստին

Թրամփ Աշխարհի Ղեկավարները Հրաւիրեց 19 Փետրուարին Խաղաղութեան Խորհուրդի Բացման Նիստին

Աշխարհի շարք մը ղեկավարներ հրաւէր ստացան 19 փետրուարին մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կազմած Խաղաղութեան խորհուրդի բացման նիստին: Մինչ Արժանթինի եւ Հունգարիոյ նման կարգ մը պետութիւններու ղեկավարները ընդունեցին հրաւէրը, այլ երկիրներ` ինչպէս Ֆրանսան, Իտալիան, Նորվեկիան, Չեխիան եւ Խրուաթիան մերժեցին հրաւէրը: Նորվեկիոյ նախագահ Նիքոսոր Տան յայտարարեց, թէ հրաւէրը ստացած է, սակայն աւելցուց, որ իր երկիրը տակաւին Խաղաղութեան խորհուրդի առաջին նիստին...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանի վերաբերեալ շատ լաւ բանակցութիւններ ունեցանք, եւ կը թուի, թէ Իրան մեծապէս կը փափաքի համաձայնութիւն կնքել»: Թրամփ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Ունինք հսկայ նաւատորմիղ մը, որ Միջին Արեւելք կ՛ուղղուի, եւ շուտով այդտեղ պիտի հասնի: Տեսնենք, թէ հարցերը ինչպէ՛ս պիտի ընթանան»: «Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը անգամ մը եւս ժողով պիտի գումարենք: Իրան կը փափաքի համաձայնութեան...

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Թեւաւոր Հրթիռներուն Եւ Անոր Առանցքին Աջակցութեան Վերջ Տան»

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Թեւաւոր Հրթիռներուն Եւ Անոր Առանցքին Աջակցութեան Վերջ Տան»

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կարծիքով, Իրանի հետ որեւէ բանակցութիւն պէտք է վերջ տայ անոր թեւաւոր հրթիռներուն եւ անոր առանցքին աջակցութեան: «Այս թղթածրարը բանակցային որեւէ հոլովոյթի հիմնական բաղադրիչ մաս կը ներկայացնէ», նշեց գրասենեակը: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը նաեւ շեշտեց, որ «Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ոտնահարելու իրանեան որեւէ փորձ ուժեղ ու վճռական դիմակայման պիտի արժանանայ»` աւելցնելով. «Իսրայէլ պիտի շարունակէ իր...

Մասքաթի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Դրական Մթնոլորտով» Անուղղակի Բանակցութիւններ Եւ Զանոնք «Յարմար Ժամանակին» Շարունակելու Համաձայնութիւն

Մասքաթի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Դրական Մթնոլորտով» Անուղղակի Բանակցութիւններ Եւ Զանոնք «Յարմար Ժամանակին» Շարունակելու Համաձայնութիւն

Երէկ Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ տեղի ունեցան Օմանի միջնորդութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ: Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը նշեց. «Օմանի մէջ ներկայ բանակցութիւններուն նպատակը գոյացումն է հասարակաց ձեւաչափի մը, որ նախկին հինգ փուլերէն տարբեր յստակ ճամբու քարտէս կը մշակէ»: Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թեհրան բանակցութիւններու ընթացքին պիտի ընդգծէ իւրանիոմը իր հողերուն վրայ հարստացնելու իր օրինական իրաւունքը եւ պիտի...

Զելենսքի. «Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Յաջորդ Բանակցութիւնները Հաւանաբար Տեղի Ունենան Ամերիկայի Մէջ»

Զելենսքի. «Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Յաջորդ Բանակցութիւնները Հաւանաբար Տեղի Ունենան Ամերիկայի Մէջ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ տագնպի լուծման կարգաւորման շուրջ նոր հանդիպումները կրնան տեղի ունենալ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Յառաջիկային կը նախատեսուին յաջորդ հանդիպումները: Հաւանաբար Ամերիկայի մէջ», ըսած է Զելենսքի: Չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցան Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու երկրորդ փուլը` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններուն...

Ուաշինկթըն-Մոսկուա Վերջին Հիւլէական Պայմանագրութեան Լիազօրութեան Աւարտէն Ետք.  ՕԹԱՆ «Ինքնազսպման» Կոչ Կ՛ուղղէ

Ուաշինկթըն-Մոսկուա Վերջին Հիւլէական Պայմանագրութեան Լիազօրութեան Աւարտէն Ետք. ՕԹԱՆ «Ինքնազսպման» Կոչ Կ՛ուղղէ

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական զինաթափման վերջին պայմանագրութեան լիազօրութեան աւարտէն ետք, ՕԹԱՆ-ը «ինքազսպումի եւ պատասխանատուութեան տէր կանգնելու» կոչ ուղղեց: ՕԹԱՆ-էն պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին յայտնած է. «Ինքնազսպումն ու պատասխանատուութեան տէր կանգնիլը համաշխարհային անվտանգութեան համար երկու հիմնական հարցեր են»: Պաշտօնատարը նշեց, որ Ռուսիան ու Չինաստանը աշխատանք կը տանին իրենց հիւլէական կարողութիւնները ամրապնդելու` աւելցնելով, որ ՕԹԱՆ «պիտի շարունակէ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրել»` իր...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Պէտք Է Մշակեն Նոր Համաձայնագիր` Նախկինի Երկարաձգման Փոխարէն»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Պէտք Է Մշակեն Նոր Համաձայնագիր` Նախկինի Երկարաձգման Փոխարէն»

Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան պէտք չէ երկարաձգեն ՍԹԱՐԹ պայմանագիրը, այլ պէտք է մշակեն նոր համաձայնագիր: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Նախկին պայմանագիրը երկարաձգելու փոխարէն, ամերիկեան կողմէն վատ բանակցուած համաձայնագիր, որ, այլ բաներու շարքին կոպտօրէն կը խախտուի, մենք պէտք է մեր հիւլէական փորձագէտներուն յանձնարարենք մշակել նոր, բարելաւուած եւ արդիականացուած պայմանագիր, որ ուժի մէջ պիտի մնայ յառաջիկայ երկար...

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Օրինակով Կը Ցուցադրուի Պատերազմէն Խաղաղութեան Անցման Բնորդը»

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Օրինակով Կը Ցուցադրուի Պատերազմէն Խաղաղութեան Անցման Բնորդը»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 6 փետրուարին ընդունած է Իրանի պաշտպանութեան եւ զինեալ ուժերու աջակցման նախարար, զօր. Ազիզ Նասիրզատէի գլխաւորած պատուիրակութեան: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ալիեւ ընդգծած է, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի անցեալ տարի Ազրպէյճան այցելութիւնը յաջող անցած է, եւ լաւ արդիւնքներ արձանագրուած են, որմէ ետք երկկողմանի յարաբերութիւնները շարունակած են զարգանալ: Ալիեւ նշած է, որ ներկայիս աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու...

Քոս. «Եւրոպայի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Ուղին Թուրքիոյ Հետ Ամուր Գործընկերութեան Նախապատրաստութիւն Կ՛ենթադրէ»

Քոս. «Եւրոպայի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Ուղին Թուրքիոյ Հետ Ամուր Գործընկերութեան Նախապատրաստութիւն Կ՛ենթադրէ»

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի համաձայն, Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղին կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ հետ ամուր գործընկերութեան նախապատրաստութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն: Պարբերականը կը նշէ, որ իբրեւ յարաբերութիւններու բարելաւման առաջին քայլ` Մարթա Քոս պիտի մասնակցի Թուրքիոյ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու համար նախատեսուած 200 միլիոն եւրօ վարկային համաձայնագիրի ստորագրման արարողութեան: Քոս միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ...

Սպիտակ Տունէն Պաշտօնատար Մը «Ժազիրա»-ին.  Իրանի Հետ Բանակութիւնները Իրենց Հունին Վերադարձան Արաբ Եւ Իսլամ Ղեկավարներու Բանակցութիւններէն Չհեռանալու Ճնշումներէ Ետք

Սպիտակ Տունէն Պաշտօնատար Մը «Ժազիրա»-ին. Իրանի Հետ Բանակութիւնները Իրենց Հունին Վերադարձան Արաբ Եւ Իսլամ Ղեկավարներու Բանակցութիւններէն Չհեռանալու Ճնշումներէ Ետք

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանի հետ ուրբաթ օր Մասքաթի մէջ ժողով գումարելու ծրագիրը իր ճիշդ հունին վերադարձաւ»: «Իրանի հետ բանակցութիւնները իրենց հունին վերադարձան արաբ եւ իսլամ ղեկավարներու կողմէ բանակցութիւններէն չհեռանալու ճնշումներէ ետք», նշեց ան: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ հիւլէական բանակցութիւնները պիտի գումարուին ուրբաթ առաւօտ Մասքաթի մէջ»: Նախքան...

Լաւրով. «Միացեալ Նահանգներ-Իրան Լարուածութիւնը Միջին Արեւելքի Համար Պայթիւնավտանգ Է»

Լաւրով. «Միացեալ Նահանգներ-Իրան Լարուածութիւնը Միջին Արեւելքի Համար Պայթիւնավտանգ Է»

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ լարուածութիւնը պայթիւնավտանգ է ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանին համար: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Այս իրադրութիւնը սկզբունքօրէն պայթիւնավտանգ է ոչ միայն Իրանի, այլ նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար: Կան շատ ականներ, որոնք պիտի պայթին անոնց վրայ ոտք դնելու առաջին իսկ...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Կը Նախատեսուի, Որ Ռուս Պաշտօնատար Մը  Այս Շաբաթ Ուաշինկթըն Այցելէ

Տմիթրիեւ. «Ուքրանիոյ Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Շուրջ Յառաջընթաց Կայ»

Ուքրանիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ յառաջընթաց կայ, հակառակ Բրիտանիոյ եւ Եւրոպայի կողմէ «պատերազմ հրահրողներուն»: Այս մասին Ապու Տապիի բանակցութիւնները ամփոփելով ըսած է Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւ: Նշենք, որ երէկ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններու երկրորդ օրը: Բանակցութիւններու նախորդ փուլը տեղի ունեցած էր 23-24 յունուարին, Ապու Տապիի մէջ: Ինչպէս նախորդ հանդիպումի ժամանակ, այս անգամ...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Իրանի Հետ Հիւլէական Բանակցութիւններու Ծրագիրները Տապալեցան

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իրանի Հետ Հիւլէական Բանակցութիւններու Ծրագիրները Տապալեցան

Աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, թէ իրանցիները ետդարձ կը կատարեն շարք մը պետութիւններ բանակցութիւններուն մասնակցելու հրաւիրուելէն ետք վերջին օրերուն գոյացած փոխհասկացողութիւններէն եւ կ՛ուզեն բանակցութիւնները Պոլիսէն Մասքաթ տեղափոխել: Ամերիկեան կայքը նշեց, որ իրանցիները այժմ կ՛ուզեն բանակցութիւններ վարել երկկողմանի ձեւաչափով` միայն Միացեալ Նահանգներու ներկայութեամբ, առանց արաբական եւ իսլամական պետութիւններու դիտորդի կարգավիճակով մասնակցութեան: Ըստ աղբիւրներուն, պատճառը այն է, որ Թեհրան կ՛ուզէ «բանակցութիւնները սահմանափակել հիւլէական...

Էրտողան. «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Շրջանի Խաղաղութեան, Կայունութեան Ու Բարգաւաճման Համար Ռազմավարական Մեծ Կարեւորութիւն Ունին»

Էրտողան. «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Շրջանի Խաղաղութեան, Կայունութեան Ու Բարգաւաճման Համար Ռազմավարական Մեծ Կարեւորութիւն Ունին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պատրաստակամութիւն յայտնեց Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջնորդութիւն կատարելու` երկու կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար` զգուշացնելով որեւէ քայլէ, որ կրնայ պատերազմ ծագեցնել: Էրտողան, որ Սէուտական Արաբիա կ՛այցելէր, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Ռիատի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները շրջանի խաղաղութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման համար ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունին»: Էրտողան կոչ ուղղեց` տագնապները կանխարգիլելու համար շրջանային ապահովական մեքանիզմ...

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Կայուն  Եւ Միացեալ Սուրիոյ Կը Զօրակցի»

Սպիտակ Տուն. «Թեհրանի Հետ Բանակցութիւնները Տակաւին Օրակարգի Վրայ Են»

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ ամերիկեան բանակին Արաբական ծովուն վերեւ իրանեան անօդաչու թռչող սարքի մը վնասազերծումէն ետք նշեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ սպասուող բանակցութիւնները տակաւին օրակարգի վրայ են»: Լեւիթ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Որոշուած է, որ Ուիթքոֆ այս շաբթուան մէջ իրանցիներուն հետ բանակցութիւններ վարէ: Անոնք ներկայիս օրակարգի վրայ են, սակայն նախագահ Տանըլտ Թրամփը, բնականաբար, իր...

Թրամփ. «Այժմ Իրանի Հետ Կը Բանակցինք, Եւ Անոնք Կ՛ուզեն Համաձայնութիւն Գոյացնել»

Թրամփ. «Այժմ Իրանի Հետ Կը Բանակցինք, Եւ Անոնք Կ՛ուզեն Համաձայնութիւն Գոյացնել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ներկայիս Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններ կ՛ընթանան: «Հարցը բանագնացներուն ձգեցէ՛ք: Իրանցիները կ՛ուզեն բանի մը հասնիլ, եւ տեսնենք, եթէ որեւէ բան ձեռք պիտի բերուի», աւելցուց Թրամփ: «Անոնց նախապէս առիթ ընծայուեցաւ համաձայնութեան հասնելու, սակայն չյաջողեցաւ: Օրին «Կէսգիշերուան մուրճ» գործողութիւնը կատարեցինք», ըսաւ ան: «Չեմ կարծեր, թէ կ՛ուզեն ատիկա անգամ մը եւս կրկնել, սակայն կ՛ուզեն բանակցիլ,...

Մաքրոն. «Եւրոպայի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Վերսկսելու Պատրաստութիւնները Ընթացքի Մէջ Են»

Մաքրոն. «Եւրոպայի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Վերսկսելու Պատրաստութիւնները Ընթացքի Մէջ Են»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, թէ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները վերսկսելու պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ այդ ուղղութեամբ թեքնիք քննարկումներ տեղի կ՛ունենան: «Այս առումով եւրոպացիներուն համար իրապէս կարեւոր է իրենց սեփական հաղորդակցութեան խողովակները ստեղծել: Եւ ատոր համար թեքնիք տեսակէտէ պատրաստութիւն տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ ան: «Երխօսութեան համար պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են», ընդգծեց Ֆրանսայի նախագահը:

Page 38 of 881 1 … 37 38 39 … 881

Արխիւներ