Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղայի. «Իրանի Անվտանգութեան Որեւէ Սպառնալիք Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»

February 4, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղային յայտնեց. «Շրջանի պետութիւնները ամբողջովին կը գիտակցին, թէ Իրանի որեւէ սպառնալիք կամ անվտանգութեան չգոյութիւն ծանր ազդեցութիւններ ու հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

«Անցեալ շաբթուան ընթացքին դիւանագիտական կազմը լուրջ ու պատասխանատու աշխատանք տարաւ երաշխաւորելու համար իրանցի ժողովուրդի շահերը եւ պահպանելու համար շրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարը շրջանին մէջ իր պաշտօնակիցներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ: Այդ բոլորը` ի շահ իրանեան ազգային շահերու պաշտպանութեան»:

«Անցեալ օրերուն ընթացքին զինադադարի հաստատումէն ի վեր ամէնէն ուժեղ խախտումներէն մէկը տեսանք, եւ որ 30 պաղեստինցի զոհեր պատճառեց: Լիբանանի մէջ կը շարունակուին ենթակառոյցներու եւ բնակուած տուներուն վրայ յարձակումները, որոնց հիմնական նպատակը բարգաւաճումն ու յառաջդիմութիւնը խոչընդոտելն է, եւ ատիկա զինադադարի երաշխաւորներու պատասխանատուութիւնը կրկնապատկող բան մըն է», նշեց Պաղայի:

Անդրադառնալով Եւրոպայի կողմէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակելու քայլին` ան նշեց. «Վերջին օրերուն արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցան բոլոր եւրոպական պետութիւնները, որոնք Թեհրանի մէջ դեսպանատուներ ունին:

«Մենք կը սերտենք շարք մը հարցեր: Այդ հարցը որոշում տալու համար փոխանցուեցաւ առնչակից հաստատութիւններու: Այդ քայլը միայն իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ անարգանք մը չէր, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ գործուած ռազմավարական սխալ մը», ըսաւ ան:

«Եւրոպայի ուշադրութենէն վրիպեցաւ, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ յառաջատար դեր կատարածներուն ամբաստանութիւն կ՛ուղղէ: Եթէ Եւրոպան կը կարծէ, թէ այս քայլը ի շահ Միացեալ Նահանգներու եւ սիոնական գոյացութեան է, ապա ամբողջովին կը սխալի», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները թակարդ մը չըլլալը երաշխաւորելու համար Իրանի ռազմավարութեան մասին հարցումի մը` Պաղայի ըսաւ. «Հաստատ, որ նախկին փորձառութիւնները նկատի կ՛առնենք: Անցնող տասը տարիներուն ընթացքին Ամերիկայի կողմէ իր խոստումներու դրժումը հակառակը կատարելը եւ մեզի խաբելը տեսանք: Այդ մէկը գագաթնակէտին հասաւ յունիսին: Այս փորձառութիւնները դիւրին չէին, եւ որեւէ որոշում տալու ընթացքին զանոնք նկատի պիտի ունենանք»:

«Ամերիկայի մեր շրջանին մէջ վարմունքը միջազգային օրէնքի շարունակուող խախտում մը կը նկատուի: Ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, Իրան փաստեց դիւանագիտական ուղիին կառչած մնալը եւ ազգային շահերու ամրապնդման ու շրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման համար դիւանագիտութիւնը օգտագործելը:

«Դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ մեր լրջութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը փաստելու կարիքը չունինք: Միւս կողմը շարք մը բացթողումներ ու սխալներ գործեց:

«Շրջանի պետութիւնները, որոնք ներկայ կացութեամբ մտահոգուած են, անկեղծօրէն կը ջանան դրական դերակատարութիւն ունենալ, ի տարբերութիւն եւրոպական պետութիւններուն, որոնք ամբողջովին կը գործեն լարուածութիւններու մագլցման ուղղութեամբ: Անոնք պատգամի միջնորդ են, եւ բազմաթիւ կէտերու փոխանակում տեղի ունեցաւ», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններու ձեւաչափին, Պաղայի նշեց. «Մենք կը սերտենք դիւանագիտական իւրաքանչիւր գործողութեան մանրամասնութիւնները, անոնց վերաբերեալ որոշում կու տանք եւ կը յուսանք յառաջիկայ օրերուն արդիւնքի հասնիլ»:

 

Նախորդը

Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ Կը Պնդենք, Եւ Առնչակից Կողմերուն Հետ Կ՛աշխատիմ Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Չներքաշելու Համար»

Յաջորդը

Ռիապքով. «Ռուսիան Կրինլանտի Մէջ Ամերիկեան Գործողութիւններուն Պիտի Պատասխանէ Ռազմական-Արհեստագիտական Միջոցներով»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

February 9, 2026
Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Թեւաւոր Հրթիռներուն Եւ Անոր Առանցքին Աջակցութեան Վերջ Տան»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Պէտք Է Թեւաւոր Հրթիռներուն Եւ Անոր Առանցքին Աջակցութեան Վերջ Տան»

February 9, 2026
Մասքաթի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Դրական Մթնոլորտով» Անուղղակի Բանակցութիւններ Եւ Զանոնք «Յարմար Ժամանակին» Շարունակելու Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Մասքաթի Մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ «Դրական Մթնոլորտով» Անուղղակի Բանակցութիւններ Եւ Զանոնք «Յարմար Ժամանակին» Շարունակելու Համաձայնութիւն

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.