Ռուսիոյ նախագահական պալատը` Քրեմլինը յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ պատերազմին շուրջ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը յետաձգուած է 4 եւ 5 փետրուարին:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կիրակի օր յայտարարած էր, թէ «Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն ելք մը գտնելու» Քիեւի, Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ուղղակի բանակցութիւնները չորեքշաբթի օր պիտի շարունակուին Ապու Տապիի մէջ:
«Յառաջիկայ եռակողմ հանդիպումներուն թուական ճշդուեցաւ 4 եւ 5 փետրուարին Ապու Տապիի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ», «Էքս»-ի վրայ գրած էր Զելենսքի:
«Ուքրանիա պատրաստ է խոր քննարկում կատարելու, եւ կը յուսանք, որ (բանակցութիւններուն) արդիւնքը մեզ կը մօտեցնէ պատերազմին իսկական եւ արժանապատիւ աւարտին», աւելցուցած էր ան:
Բանակցութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցաւ 23 եւ 24 յունուարին, դարձեալ Ապու Տապիի մէջ:
Զելենսքի նախապէս յայտարարած էր. «Փետրուարին Ապու Տապիի մէջ նախատեսուած հանդիպումը կրնայ Իրանի շուրջ ստեղծուած կացութեան պատճառով յետաձգուիլ»:


