Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ զրոյցի համար թեքնիք նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարուին, եւ այս հարցին շուրջ թեքնիք մակարդակով բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան», ըսած է ան լրագրողներուն:
Մաքրոն նշած է, որ զուգահեռաբար այս հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններ կ՛ընթանան եւրոպացի գործընկերներու եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ Քիեւի անվտանգութեան երաշխիքներու մշակման ծիրին մէջ նախապատրաստական աշխատանքներ կ՛ընթանան ուքրանական տագնապին վերջ դնելու վերաբերեալ «կամաւորներու դաշինք»-ի միջոցով:


