Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յոյս յայտնեց Իրանի հետ գործարքի կնքման հասնիլ:
Նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին զգուշացուց, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ որեւէ յարձակում շրջանային պատերազմի պիտի յանգեցնէ:
Թրամփ պատասխանելով Խամենէիի զգուշացումին վերաբերեալ լրագրողներու հարցումին յայտնեց. «Անշուշտ այդպէս պիտի ըսէ»:
«Կը յուսանք համաձայնութեան հասնիլ: Եթէ համաձայնութիւն չգոյացնենք, այդ ատեն պիտի տեսնենք, թէ իրաւունք ունի՞, թէ՞ ոչ», նշեց ան:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, թէ ամերիկեան վարչակազմը բազմաթիւ խողովակներով Իրանը տեղեակ պահած է, թէ համաձայնութեան մը շուրջ բանակցելու համար ժողով գումարելու նկատմամբ դրական տրամադրուած է:
Աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ Թուրքիան, Եգիպտոսն ու Քաթարը աշխատանք կը տանին այս շաբաթ Անգարայի մէջ ամերիկացի պաշտօնատար Սթիւ Ուիթքոֆի եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ ժողով կազմակերպելու:
Անոնք շեշտած են, որ Թրամփի` Իրանի հետ բանակցութիւններու վերաբերեալ յայտարարութիւնները պարզապէս խուսանաւում չեն:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատարներ ամերիկեան կայքին յայտնած են, որ Թրամփ տակաւին դիւանագիտական լուծումի մը նկատմամբ դրական տրամադրուած է:


