Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրան «լրջօրէն կը խօսի» Միացեալ Նահանգներու հետ` ռազմական գործողութիւններու վերսկսման սպառնալիքներու եւ Մերձաւոր Արեւելքի լարուած շրջանին մէջ ամերիկեան նաւատորմի ներկայութեան խորապատկերին վրայ:
«Մենք կը տեսնենք, թէ արդեօք կրնա՞նք բան մը ընել: Հակառակ պարագային տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ», ըսած է Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ին:
Պարզ չէ, թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ կրնան նման բանակցութիւններ տեղի ունենալ:
Թրամփ նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը շրջանին մէջ իր դաշնակիցներուն չէ տեղեկացուցած հաւանական ռազմական հարուածներու մասին` վկայակոչելով անվտանգութեան նկատառումները:
Թրամփը հրապարակաւ կարծր դիրքորոշում որդեգրած է Իրանի ղեկավարներուն նկատմամբ` Թեհրանի եւ երկրի այլ քաղաքներուն մէջ հակակառավարական ցոյցերու ճնշման լոյսին տակ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղակայուած ՀՐԱՆԱ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը աւելի կանուխ յայտնած է, որ հաստատուած զոհերու թիւը, ներառեալ` անվտանգութեան ուժերու աշխատակիցները, ներկայիս կը կազմեն 6 հազար 563 մարդ, իսկ անոնց թիւը, որոնց մահը տակաւին չէ հաստատուած, եւ հետաքննութիւնը կը շարունակուի, կը կազմէ 17 հազար 91: Ձերբակալուած է աւելի քան 49 հազար մարդ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի ուրբաթ օր նշած էր, որ Թեհրան բաց է բանակցութիւններու համար, եթէ Ուաշինկթըն հրաժարի սպառնալիքներէն եւ հարկադրանքէն:


