Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առաջնահերթութիւն Են Հորատիզ-Զանգելան, Զանգելան-Նախիջեւան, Նախիջեւան-Թուրքիա Երկաթուղիներու Նախագիծերը» Կ՛ըսէ Ալիեւ

January 27, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման ծիրին մէջ երկաթուղային նախագիծերը Ազրպէյճանի համար առաջնահերթութիւն են: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Ներկայիս շրջանին մէջ կը քննարկուին փոխադրամիջոցի եւ կապի ոլորտին մէջ մեծ նախագիծեր: Այստեղ, ի հարկէ, գերակայ նախագիծերը Հորատիզ-Զանգելան երկաթուղիի, ապա Զանգելան-Նախիջեւան, Նախիջեւան-Թուրքիա երկաթուղիի նախագիծերն են, ինչպէս նաեւ այլ նախագիծեր», ըսած է Ալիեւ` տեսաժողովի ձեւաչափով ընդունելով իր երկրին փոխադրամիջոցի, հաղորդակցութեան եւ բարձր ճարտարագիտութիւններու նոր նշանակուած նախարար Ռաշատ Նապիեւը:

Ազրպէյճանի նախագահը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը նոր կարելիութիւններ կը բանայ շրջանի երկիրներուն համար, եւ «Ազրպէյճան պատրաստ է փոխադրամիջոցի ոլորտին մէջ համագործակցութեան եւ իր ներդրումը կ՛ունենայ այդ աշխատանքին մէջ»:

«Ես արդէն յանձնարարած եմ սկսիլ նախագծել Հորատիզ-Աղպենտ երկաթուղին: Այլ նախագիծեր նոյնպէս արդէն սկսած են իրագործուիլ: Ֆիզուլիի օդակայանի շինարարութիւնը սկսած է: Ինչպէս ըսի, երկրորդ օդակայանը պիտի կառուցուի Քարվաճառի կամ Լաչինի շրջաններուն մէջ: Ֆիզուլի-Շուշի մայրուղիի շինարարութիւնը սկսած է», աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը:

«Ի հարկէ, խօսելով ճարտարագիտական զարգացման ոլորտին մէջ կատարուած աշխատանքներոն մասին, պէտք է նշեմ արբանեակները: Իբրեւ այս ոլորտի պատասխանատու` դուք լաւատեղեակ էք այս ամբողջ աշխատանքին: Երբ մենք արբանեակները հանեցինք ուղեծիր, ոմանք կը հարցնէին, թէ ատիկա ինչի պէտք է: Սակայն կեանքը ցոյց տուաւ, որ ատիկա մեզի իրապէս անհրաժեշտ է: Արբանեակներու օգտագործումը թէ՛ պատերազմի ընթացքին, թէ՛ ալ ատկէ ետք մեզի հսկայական առաւելութիւն տուած է: Թէ՛ մեր հեռահաղորդակցութեան արբանեակները, եւ թէ՛ այն արբանեակները, որոնք կը դիտեն Երկիրի մակերեսը, կարելիութիւն կը ստեղծեն կատարել բոլոր յանձնարարուած խնդիրները: Պատերազմի ընթացքին հակառակորդի տեղաշարժին առցանց հետեւիլը եւ անոր սադրանքներուն կանխարգիլումը, ի հարկէ, մեզի լրացուցիչ առաւելութիւն տուած էր», ըսած է Ալիեւ:

Ան աւելցուցած է, որ արբանեակները կարեւոր նշանակութիւն ունին նաեւ պատերազմէն ետք` վերակառուցման աշխատանքներու առնչուած ընթացիկ ծրագիրներու համար:

 

Նախորդը

Ալիեւ Եւ Էրտողան Ընդունած Են Պահչելիի` Շուշիի Մէջ Դպրոց Կառուցելու Առաջարկը

Յաջորդը

Չաւուշօղլուի Եւ Աքարի Հետ Սուրիոյ, Լիպիոյ Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զարգացումները Քննարկելով` «Անգարան Վճռականօրէն Պիտի Շարունակէ Քայլերու Ձեռնարկել Իր Ազդեցութիւնը Մեծցնելու Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.