Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Մէջ Արմատական Տարրեր Գործի Լծելու Ամերիկեան Դիւանագիտութեան Փորձերը Դատապարտուած Են Ձախողութեան» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

January 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ մէջ արմատական տարրեր գործի լծելու ամերիկեան դիւանագիտութեան փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան ու բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենան ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան վրայ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ղեկավարութեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ լուրջ խօսակցութիւն կը սպասէ:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, առաջին անգամը չէ, որ դիւանագիտական կանոններն ու արժեչափերը կ՛ոտնահարէ, խօսքը, ըստ էութեան, «խրախուսման մասին է երկերեսօրէն խաղաղ ցոյց կոչուող բռնի գործողութիւններու, որոնց մէջ նաեւ անչափահասներ կը ներգրաւեն»:

Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը 23 յունուարին յայտարարած էր, որ իրենք կը հետեւին Ռուսիոյ 38 քաղաքներու մէջ ընթացող բողոքի գործողութիւններուն, որոնց ընթացքին, ըստ դեսպանատան, աւելի քան 350 խաղաղ ցուցարարներ եւ լրագրողներ բերման ենթարկուած են, իսկ բողոքի ցոյցի մասնակիցները բնորոշուած են իբրեւ խաղաղ ցուցարարներ, որոնք իրենց խօսքի ազատութեան իրաւունքը կը կիրարկեն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնեց. «Ահա կը տեսնէք` ամերիկեան դեսպանատունը տեղեկութիւն կը հրապարակէ: Ասիկա ներքին գործերուն իսկական միջամտութիւն է», ըսած է Զախարովա` «Սոլովիոյ ԼԱՅՎ» պատկերասփիւռի յայտագիրէն:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին ամերիկեան դեսպանատունը ամբաստանեց Ռուսիոյ ներքին հարցերուն միջամտելու յանցանքով:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտարարեց. «Ռուսիոյ մէջ ցոյցերու ընթացքին կատարուած ձերբակալութիւնները մենատիրական շեղում եւ օրինաց երկրի անհանդուրժելի ոտնահարում են»:

 

Նախորդը

Պլինքըն Կ՛ուզէ Ամրապնդել Յունաստանի Հետ Անվտանգութեան Կապն Ու Յունաստանի, Կիպրոսի Եւ Իսրայէլի Հետ Եռակողմ Գործընկերութիւնը

Յաջորդը

Այսօր Ընթացք Կ՛առնէ Զարիֆի Ազրպէյճան, Ռուսիա, Հայաստան Եւ Վրաստան Շրջապտոյտը

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.