Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Արտաքին Քաղաքական Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Հարցը

Յունուար 26, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Ուաշինկթընի վարչակազմի ղեկավարը անդրատլանտեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: Այս մասին կը նշուի Սպիտակ տան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Նախագահ Ճօ Պայտըն 24 յունուարին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որպէսզի արտայայտէ մեր հնագոյն դաշնակիցին հետ երկկողմանի կապերը ամրապնդելու ցանկութիւնը: Նախագահ Պայտըն նաեւ ընդգծած է իր պատրաստակամութիւնը` ամրապնդելու անդրատլանտեան յարաբերութիւնները, ներառեալ ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ Միացեալ Նահանգներու գործընկերութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ երկու պետութիւններու ղեկավարները նաեւ համաձայնած են միասնաբար աշխատիլ «արտաքին քաղաքականութեան հասարակաց գերակայութիւններու», ընդ որում Չինաստանի եւ Ռուսիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի շրջաններուն ուղղութեամբ: Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները անհրաժեշտ նկատած են սերտ համագործակցութիւն ծաւալել կլիմայի փոփոխութեան, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի եւ համաշխարհային տնտեսութեան վերականգնման խնդիրներուն շուրջ:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Պայտընի հետ իր առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած էր, որ իր երկիրը «Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի գործակցի իրանեան հիւլէական ծրագիրին եւ Լիբանանի կացութեան շուրջ»:

Էլիզէի պալատը նախքան այդ նշած էր, որ Մաքրոն պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան անդամ առաջին պետութեան նախագահը, որուն հետ Պայտըն Սպիտակ տուն մուտք գործելէ ետք հաղորդակցութիւն կը կատարէ, «ինչ որ երկու նախագահներուն միջեւ սերտ գործակցութեան փափաքի ցուցանիշ է»:

 

Նախորդը

Ռուսիա Կը Դատապարտէ Մոսկուայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը «Նաւալնիի Աջակիցներուն Կազմակերպած Ցոյցերուն Աջակցելու Եւ Ռուսիոյ Ներքին Գործերուն Միջամտելու Համար»

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Զարիֆ Այսօր Մոսկուայի Մէջ Կը Քննարկեն Արցախի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Կը Պահանջէ Ուքրանիոյ Դէմ  Պատերազմի Միջազգային Դատարան Ստեղծել
Միջազգային

ԵԽԽՎ-ն Կը Պահանջէ Ուքրանիոյ Դէմ Պատերազմի Միջազգային Դատարան Ստեղծել

Յունուար 28, 2023
Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ  Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրանի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում. Ալիեւ Զայն Ահաբեկչութիւն Կ՛որակէ

Յունուար 28, 2023
Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  «Եւրոպական Երկիրները Ռուսիոյ Հետ Պատերազմի Մէջ Են»  Յայտարարած Է, Մոսկուա Բացատրութիւն Պահանջած Է
Միջազգային

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը «Եւրոպական Երկիրները Ռուսիոյ Հետ Պատերազմի Մէջ Են» Յայտարարած Է, Մոսկուա Բացատրութիւն Պահանջած Է

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In