Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Պատրաստ Է Հիւլէական Համաձայնութեան Վերաբերեալ Իր Բոլոր Պարտաւորութիւնները Կատարելու Այն Ատեն Միայն, Երբ Միացեալ Նահանգներ Վերցնեն Պատժամիջոցները» Կ՛ըսէ Արաքժի

Յունուար 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան առայժմ չի ձգտիր ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին հետ, որովհետեւ Թեհրանի կարծիքով` բանակցութիւնները պէտք է ընթանան 2015 թուականի հիւլէական գործարքի ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ջնջեն իր դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի:

Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաքժի իտալական «Լաս Ռեփոպլիքա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխանափոխութեան վերաբերեալ ոչ մէկ յատուկ դիրքորոշում ունի, միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնած է, որ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն «ամէն ինչ պիտի ընէ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի սխալները սրբագրելու համար»:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նշած է, որ շաբաթներ առաջ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւնները «մերկացուցին ամերիկեան ժողովրդավարութեան իսկական դէմքը» եւ կը փաստեն, որ այդ երկիրը իրաւունք չունի այլ պետութիւններուն մատնանշել` ինչպէս լուծել իրենց ներքաղաքական խնդիրները:

«Իրան պատրաստ է կատարելու Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին վերաբերեալ իր բոլոր պարտաւորութիւնները միայն այն ատեն, երբ ամերիկացի պաշտօնատարները նոյն ձեւով վարուին եւ վերցնեն պատժամիջոցները», ըսած է դիւանագէտը:

Արաքժի նաեւ հերքած է ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ գաղտնի բանակցութիւններու մասին լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած լուրերը:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Անհասցէ Եւ Հասցէական Բաժինները

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Մէջ Թրամփի Պաշտօնազրկման Հոլովոյթը Կը Սկսի 8 Փետրուարին

RelatedPosts

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Միջազգային

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Մարտ 31, 2023
Հերքելով Նեթանիահուի Յայտարարութիւնը`  «Իսրայէլ Չի Բաւարարեր Միացեալ Նահանգներ  Առանց Արտօնագիրի Մուտքի Պահանջները»  Կ՛ըսէ Փաթել
Միջազգային

Հերքելով Նեթանիահուի Յայտարարութիւնը` «Իսրայէլ Չի Բաւարարեր Միացեալ Նահանգներ Առանց Արտօնագիրի Մուտքի Պահանջները» Կ՛ըսէ Փաթել

Մարտ 31, 2023
Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարի  Օգնականը Կ՛այցելէ Հարաւային Կովկաս Եւ Թուրքիա
Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարի Օգնականը Կ՛այցելէ Հարաւային Կովկաս Եւ Թուրքիա

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In