Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ Իրանի Պատրաստակամութիւնը Կը Յայտնէ «Ազատագրուած Տարածքներու» Վերաշինութեան Մասնակցելու. Ալիեւ Կ՛ողջունէ Իրանի Մասնակցութիւնը

January 26, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ Կովկասի իր շրջագայութեան սկսած է Ազրպէյճան այցելելով: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ Զարիֆ Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ շրջանային համագործակցութիւնն է:

«Շրջանային համագործակցութեան շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելը երկիրներու հետ, որոնք բարեկամական եւ սերտ երկկողմանի յարաբերութիւններ ունին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ, այս ուղեւորութեան կարեւորագոյն նպատակներէն է», ըսած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը, որ կը պատրաստուի այցելելու նաեւ Ռուսիա, Հայաստան, Վրաստան եւ Թուրքիա:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը բացատրած է, որ իրենք Ազրպէյճանի պաշտօնատարներուն հետ բանակցութիւններ պիտի վարեն Լեռնային Ղարաբաղի` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքի վերակառուցման եւ շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման ուղղուած համագործակցութեան հարցերու շուրջ:

Միեւնոյն ժամանակ պիտի քննարկուի Հարաւ-Հիւսիս եւ Հարաւ-Արեւելք փոխադրական միջանցքներու կառուցման աւարտը:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Զարիֆ յայտնած է. «Ուրախութիւն կը զգանք եղբայրական երկրին ու ժողովուրդի, այսինքն` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան իր հողերուն վերատիրանալուն առիթով, եւ կը փափաքինք օժանդակել այդ ազատագրուած հողերու բնակիչներուն տունդարձին, անոնք մեր ազգականներն են»:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Զարիֆի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է. «Լեռնային Ղարաբաղի վերաշինութեան մէջ իրանեան ընկերութիւններու մասնակցութիւնը ողջունելի է»:

Զարիֆ իր կարգին յայտարարած է, որ Թեհրան կ՛ողջունէ շրջանային համագործակցութեան վեցակողմ հարթակ ստեղծելու գաղափարը, որ պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան: Ան օգնելու եւ աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է շրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ հաշտութեան հասնելու որեւէ ասպարէզի մէջ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Թեհրան պատրաստ է ազդու կերպով մասնակցելու երկու երկիրներուն միջեւ գտնուող «ազատագրուած տարածքներու» վերաշինութեան: Ան գոհունակութիւն յայտնած է երկրին «բռնագրաւուած տարածքներուն ազատագրումէն ետք» Ազրպէյճան այցելելուն առնչութեամբ` ողջունելով «պատերազմէն վնասուածները, մասնաւորաբար քաղաքայիններն ու անոնց ընտանիքները»:

 

 

 

Նախորդը

Լաւրով Եւ Զարիֆ Այսօր Մոսկուայի Մէջ Կը Քննարկեն Արցախի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Յաջորդը

Իրան Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Երկաթուղիի Կառուցման Պիտի Սկսի

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.