Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կորս Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ուղղած է միանալու հակահետեւակային ականներու օգտագործումը, կուտակումը, արտադրութիւնն ու տեղափոխումը արգիլող, ինչպէս նաեւ անոնց ոչնչացման մասին Օթաուայի ուխտին: Դեսպանը այս մասին գրած է «Թուիթըր»¬ի վրայ:
«Քանի որ պատերազմը աւարտած է եւ ականազերծման շատ աշխատանքներ սկսած են, լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը միանային Օթաուայի ուխտին», գրած է դիւանագէտը եւ շեշտած, որ ուխտին միացած են 164 պետութիւններ: