Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի Բանբերը Եւ Պայտընի Խորհրդականը Քննարկած Են Արցախեան Խնդիրը

Փետրուար 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Կողմերը քննարկած են թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Արեւելեան Միջերկրականի շրջանի, Կիպրոսի, ԱՖղանիստանի եւ Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, համաճարակի եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը:

Քալըն եւ Սալիվըն ցանկութիւն յայտնած են երկու երկիրներուն միջեւ ամուր, երկարաժամկէտ ու կառուցողական յարաբերութիւններ հաստատելու: Անոնք համակարծիք եղած են, որ անհրաժեշտ է ուժեղացնել ՕԹԱՆ-ը եւ քայլերու ձեռնարկել շրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Յիշեցնենք, որ դեկտեմբերի վերջաւորութեան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած էր, որ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները ստեղծած են միացեալ աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի ուսումնասիրէ Անգարայի կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռք բերման հարցով ծագած խնդիրները:

«Ի.Էյ.Տէյլի» իր կարգին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը ունի այն կարծիքը, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային հրթիռային համակարգերու ձեռք բերումը կը խաթարէ ՕԹԱՆ-ի միասնականութիւնը: Այս մասին Սալիվըն երեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերին:

Սալիվըն Քալընին ներկայացուցած է ռուսական «Էս-400»-ի գնման նկատմամբ ամերիկեան նոր վարչակազմի մտահոգութիւնը` նշելով, որ ատիկա կը խարխլէ դաշինքին համախմբուածութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:

Բայց եւ այնպէս, Սալիվըն ընդգծած է Ճօ Պայտընի վարչակազմի` թուրք-ամերիկեան կառուցողական կապեր կառուցելու, համագործակցութեան ոլորտները ընդլայնելու եւ տարակարծութիւնները արդիւնաւէտ կերպով վերահսկելու ցանկութիւնը:

Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդականը ողջունած է Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի հարցի լուծման շուրջ բանակցութիւններու վերսկսումը:

Սալիվըն Էրտողանի պաշտօնական ներկայացուցիչին հետ խօսած է նաեւ «այլ երկիրներու մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ» Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան նուիրուածութեան մասին:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմը Տակաւին Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւն Չէ Ունեցած» Կ՛ըսէ Փրայս

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Ուղղած Է Միանալու Ականներու Վերաբերեալ Օթաուայի Ուխտին

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?