Միջազգային քրէական դատարանը յայտնեց, որ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները կը խախտեն Միացեալ Նահանգներու` 1955-ին երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութեան համաձայնութիւնը, եւ որոշեց, որ այդ համաձայնութեան վրայ հիմնուելով իրաւասութիւն ունի ամերիկեան պատժամիջոցները ջնջելու Իրանի դիմումը քննելու:
Դատարանը նշեց, որ միաձայնութեամբ մերժած է ամերիկեան առարկութիւնները, թէ իրաւասու չէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ տարակարծութիւնները քննելու` շեշտելով, որ լիազօրուած է Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հարցը քննել:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Միջազգային քրէական դատարանի` ամերիկեան առարկութիւնները մերժելը 3 հոկտեմբեր 2018-ի հրամանէն ետք, Թեհրանի արդարադատական մէկ այլ յաղթանակն է»:
«Իրան միշտ յարգած է միջազգային օրէնքը: Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները յարգեն իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները», ըսաւ Զարիֆ: