Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Քոնկրեսի Շէնքին Դէմ Յարձակումին Մասին` «Այսուհետեւ Դժուար Պիտի Ըլլայ Միացեալ Նահանգները Իբրեւ Ժողովրդավարութեան Խորհրդանիշ Ընդունիլը» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Նախագահը

Փետրուար 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի նշած է, որ յունուարի սկիզբը Քափիթոլ Հիլի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններէն ետք աշխարհը կը դժուարանայ Միացեալ Նահանգները ընկալել իբրեւ ժողովրդավարութեան խորհրդանիշ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Կը կարծեմ, որ ատիկա ուժեղ հարուած էր Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարութեան: Մենք սովոր ենք մտածել, որ Միացեալ Նահանգներն ունին ժողովրդավարական իտէալական հաստատութիւններ, ուր իշխանութիւնը մէկ նախագահէն միւսին կը փոխանցուի խաղաղ ճամբով, առանց պատերազմներու եւ յեղափոխութիւններու», ըսած է Զելենսքի` ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Ան նշած է, որ Ուքրանիան երկու յեղափոխութիւն ապրած է, ուստի հասկնալի է, որ նման բան կրնայ պատահիլ: Բայց եւ այնպէս, ըստ Զելենսքիի, անսպասելի էր, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ «ամէն ինչ չէ, որ կատարեալ է»:

«Ես լուրջ տագնապի մէջ էի, ես չէի ուզեր, որ յեղաշրջում ըլլար: Պարզապէս կը կարծեմ, որ ասկէ ետք դժուար պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգները իբրեւ ժողովրդավարութեան խորհրդանիշ ընդունիլը», յայտնած է Զելենսքի:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի աջակիցները յարձակած էին Քափիթոլ Հիլի վրայ, ուր Քոնկրեսը հաւաքուած էր հաստատելու դեմոկրատական Ճօ Պայտընի` նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակը: Անկարգութիւններուն ընթացքին արձանագրուած էր 5 զոհ, իսկ տասնեակ մը մարդիկ ձերբակալուած էին:

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոք` Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց

Յաջորդը

Կիպրոսի Թուրքերու Ղեկավարը Կը Դիմէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?