Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմը Տակաւին Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւն Չէ Ունեցած» Կ՛ըսէ Փրայս

February 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի իշխանութեան գալէն ետք Միացեալ Նահանգներ տակաւին որեւէ հաղորդակցութիւն չեն ունեցած Իրանի հետ: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` յստակացնելով, որ երկիրներու միջեւ որեւէ հաղորդակցութիւն դժուար թէ տեղի ունենայ նախքան Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցութիւնը:

Բացի ատկէ, բանբերը բացատրեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են փոխադարձաբար վերադառնալու Թեհրանի հետ համաձայնագիրներու պահպանման:

«Եթէ Իրան վերադառնայ հիւլէական համաձայնագիրի պահանջներու կատարման, Միացեալ Նահանգներ նոյնը պիտի ընեն, եւ մենք ատիկա պիտի օգտագործենք իբրեւ հարթակ աւելի երկար եւ երկարաժամկէտ համաձայնութեան, նաեւ` այլ ոլորտներու խնդիրներու լուծման համար», մանրամասնած է Փրայս:

«Մենք իրանցիներու հետ որեւէ քննարկում չենք ունեցած, եւ ես չեմ ակնկալեր, որ պիտի ունենանք` մինչեւ այդ նախնական քայլերուն կատարումը», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Այդ հոլովոյթին մէջ կան բազմաթիւ քայլեր` մինչեւ հասնիլը այն կէտին, ուր մենք ուղիղ պիտի համագործակցինք իրանցիներուն հետ եւ պիտի ընդունինք որեւէ առաջարկ», աւելցուցած է Փրայս:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այլ պաշտօնատար մը անանուն մնալու պայմանով յայտարարած է, որ Փրայսի մեկնաբանութիւնը պէտք չէ ընկալուի իբրեւ Զարիֆի գաղափարի մերժում, անիկա կ՛արտացոլէ այն փաստը, որ Պայտընի իրանեան խումբը տակաւին կը պատշաճեցուի եւ պարտաւորուած է լայն խորհրդակցութիւններ կատարել:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երկուշաբթի յայտարարած էր, որ Ուաշինկթընի հետ փակուղային իրավիճակը կամրջելու միջոցներէն մէկը Եւրոպական Միութեան պաշտօնատար անձի մը կողմէ կազմակերպելն է քայլեր, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան վերականգնելու 2015-ի այն համաձայնագիրը, զոր 2018 թուականին լքած էր Միացեալ Նահանգներու այն ժամանակուան նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

Ասիկա առաջին անգամն էր, որ Զարիֆ ակնարկած է, որ Իրան կրնայ փափկացնել իր պահանջները, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ թուլացնեն տնտեսական պատժամիջոցները` մինչեւ որ Իրան վերսկսի իր պարտաւորութիւններու կատարումը: Պայտընի վարչակազմը, իր կարգին, կը պնդէ, որ նախ Իրան վերադառնայ գործարքի կատարման, մինչեւ իր կողմէ քայլերու կատարումը:

«Ասիկա հերքում չէ: Մենք չենք սկսած Իրանի կամ ոեւէ մէկուն հետ բանակցութիւններ վարել, որովհետեւ մեր գերակայութիւնը խորհրդակցիլն է հիւլէական գործարքին շուրջ` գործընկերներուն հետ», ըսած է անանուն պաշտօնատարը:

 

 

Նախորդը

Ռուհանի. «Հիւլէական Համաձայնագիրէն Ոչ Իսկ Կէտ Մը Պիտի Փոխուի Եւ Ոչ Մէկ Նոր Տարր Անոր Վրայ Պիտի Աւելնայ»

Յաջորդը

Էրտողանի Բանբերը Եւ Պայտընի Խորհրդականը Քննարկած Են Արցախեան Խնդիրը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.