Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Եւ Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Համաձայնութեան Գան Յետխորհրդային Պետութիւններու Ներքին Գործերուն Չմիջամտելու Սկզբունքներուն Շուրջ» Կ՛ըսէ Լաւրով

February 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան եւ Եւրոպական միութիւնը պէտք է համաձայնութեան գան` յետխորհրդային տարածքին մէջ գտնուող գերիշխան պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն շուրջ: «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ այդ մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` պաշտօնական այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ բանակցութիւններէն ետք:

«Կը կարծեմ, թէ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ մենք համաձայնութեան գանք այն սկզբունքներուն շուրջ, որոնք կը ներառեն գերիշխան պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելու պարտաւորութիւններ, ըլլայ այդ յետխորհրդային տարածքին մէջ, Արեւմտեան Պալքաններուն մէջ, թէ այլուր», ըսած է Լաւրով:

Մեկնաբանելով ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի գործով արեւմտեան երկիրներուն կողմէ հաստատուելիք հաւանական նոր պատժամիջոցները` Լաւրով խոստովանած է, որ Մոսկուան արդէն վարժուած է Եւրոպական Միութեան` օրինական հիմք չունեցող միակողմանի սահմանափակումներուն եւ շեշտած. «Մենք մեր կեանքը կը կառուցենք մեկնելով անկէ, որ Եւրոպական Միութիւնը առնուազն այս փուլին անվստահելի գործընկեր է»:

Իր կարգին, Պորել ըսած է, որ Ռուսիան եւ Եւրոպական Միութիւնը տակաւին տարակարծութիւններ ունին շարք մը հարցերու շուրջ, սակայն անհրաժեշտ է համագործակցութեան համար հաւանական ուղիներ փնտռել:

«Անհրաժեշտ է հասարակաց լեզու եւ փոխըմբռնումի ոլորտներ գտնել: Ասիկա իմ այցելութեանս նպատակն է: Ասիկա ընդամէնը առաջին քայլն է: Մենք տակաւին տարակարծութիւններ ունինք քանի մը հարցերու շուրջ, բայց եւ այնպէս, անհրաժեշտ է փնտռել ոլորտներ, որոնց մէջ կրնանք համաձայնութեան գալ եւ համագործակցիլ», նշած է Պորել:

Ըստ Պորելի, կան ոլորտներ, ուր Մոսկուան եւ Պրիւքսելը կրնան եւ պէտք է համագործակցին, որովհետեւ այդ պարագային լաւ արդիւնքներ պիտի արձանագրուին: Պորել ընդգծած է, որ Ռուսիոյ նախարարը արդէն իսկ նշած է անոնցմէ մէկ քանին, եւ աւելցուցած է, որ ինքը եւս նոյն կարծիքին է:

«Մշակոյթի, առողջապահութեան, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան, Հիւսիսային բեւեռի մէջ տարուող աշխատանքներուն եւ թուային միջավայրի հարցերուն մէջ: Այստեղ կան բազմաթիւ միացեալ քայլեր, որոնք կ՛ենթադրեն առանձին կողմերու սերտ համագործակցութիւն», նշած է Պորել եւ աւելցուցած, որ երկու կողմերուն միջեւ կրնայ յաջող համագործակցութիւն ձեւաւորուիլ նաեւ այնպիսի հարցերու շուրջ, ինչպէս օրինակ Իրանի հիւլէական համաձայնագիրն է:

Նախորդը

Փաքիստան Կ՛ուզէ Մասնակցիլ Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներու Վերաշինութեան

Յաջորդը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Յոյս Ունի` Յառաջիկային Պիտի Կարողանայ Առաքելութիւն Ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.