Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուան Պատրաստ Է Վերատեսութեան Ենթարկելու «Բաց Երկինքի Մասին» Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Իր Որոշումը» Կ՛ըսէ Ռուսիա

February 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն պէտք է յստակ որոշում տայ «Բաց երկինքի մասին» համաձայնագիրին վերադառնալու մասին, որուն պարագային Մոսկուան ալ պատրաստ պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկելու համաձայնագիրէն դուրս գալու իր որոշումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վիեննայի մէջ զինուորական անվտանգութեան եւ սպառազինութիւններու վերահսկման հարցերու շուրջ բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Քոսթանթին Կաւրիլով:

«ինչ կը վերաբերի ազդանշաններուն, ապա անոնք կրնան տարբեր ըլլալ` թէ՛ հանրային, թէ՛ վստահութեան ուղիներով: Հիմնականը այն է, որ Ուաշինկթըն պէտք է յստակօրէն սահմանէ իր դիրքերը առ այն, որ պատրաստ է վերադառնալու համաձայնագիրին», ըսած է Կաւրիլով` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը այժմ կ՛ուսումնասիրէ համաձայնագիրին վերադառնալու հարցը:

Ռուս դիւանագէտը նաեւ շեշտած է, որ հակառակ ելքի ընթացակարգի մեկնարկին` Ռուսիան պիտի շարունակէ համաձայնագիրի ծիրին մէջ ընդունիլ եւ կատարել հսկողութեան թռիչքներ:

Ըստ անոր, ամենայն հաւանականութեամբ, անոնք պիտի սկսին փետրուարի վերջաւորութեան կամ մարտի սկիզբը:

Յիշեցնենք, որ «Բաց երկինքի մասին» համաձայնագիրը ստորագրուած է 1992 թուականին եւ անդամ երկիրներուն կ՛արտօնէ հետախուզական թռիչքներ կատարել իրարու տարածքներուն վերեւ` զինուորական գործողութիւնները եւ զէնքի վերահսկման գործող համաձայնագիրներուն համապատասխանութիւնը վերահսկելու համար:

Նախորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Ակնկալութիւններ

Յաջորդը

Թրքական Ապրանքները Չեն Կրնար Մուտք Գործել Սէուտական Արաբիա. Հազարաւոր Բեռնատարներ Ամիսներով Անցակէտին Վրայ Կը Մնան

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.