Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Կամ Չինաստանի Հետ Շրջանային Ճգնաժամը Արագօրէն Հիւլէական Զէնքի Օգտագործումով Տագնապի Վերածուելու Իրական Հաւանականութիւն Կայ» Կ՛ըսէ Ծովակալ Ռիչըրտ

February 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու զինուորական հրամանատարութեան ղեկավար ծովակալ Չարլզ Ռիչըրտ յայտարարած է Ռուսիոյ կամ Չինաստանի հետ հիւլէական պատերազմի հաւանականութեան մասին: «Ուաշինկթըն Թայմզ» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին գրած է Միացեալ Նահանգներու ծովուժի հիմնարկի պաշտօնական հրապարակման փետրուարեան թիւին մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ:

Ռիչըրտ կը նկատէ, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր Փենթակոն ստիպուած չէ եղած քննարկել հիւլէական տէրութեան հետ ուղղակի զինուորական ճակատման կարելիութիւնը, սակայն այժմ կացութիւնը այլ է:

«Իրական հաւանականութիւն կայ, որ Ռուսիոյ կամ Չինաստանի հետ շրջանային ճգնաժամը կրնայ արագ վերածուիլ հիւլէական զէնքի օգտագործումով տագնապի, եթէ, անոնց կարծիքով, սովորական զէնքի օգտագործումով պարտութեան պարագային սպառնալիք ըլլայ քաղաքական համակարգին կամ պետութեան», բացատրած է Ռիչըրտ:

Ըստ ծովակալին, Ուաշինկթընի հաւանական հակառակորդներուն կողմէ հիւլէական զէնք օգտագործելու կարելիութեան բացառումը սխալ է:

Ան նոյն ատեն բացատրած է, թէ մինչ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը կեդրոնացած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ, Ռուսիան եւ Չինաստանը, կարծես, ձեռնամուխ եղած են յարձակողական քաղաքականութեան` «Պաղ պատերազմ»-ի ժամանակէն ի վեր չտեսնուած եղանակներով մարտահրաւէր նետելով միջազգային արժեչափերուն:

Նման գործողութիւնները, ըստ ամերիկացի ծովակալին, պէտք չէ Ուաշինկթընի կողմէ անպատասխան մնան:

«Մենք պէտք է աշխուժօրէն գործենք անոնց յարձակումը զսպելու համար: Անոնց նախաձեռնութիւններուն առջեւ տեղի տալով` մենք վտանգի կը դիմենք ամրապնդելու անոնց համոզումները, թէ Միացեալ Նահանգները չեն ուզեր կամ կարող չեն պատասխանել, ինչ որ կրնայ անոնց աւելի սադրել», գրած է Ռիչըրտ:

Բացի ատկէ, ան շեշտած է Չինաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմավարական կարելիութիւններուն զգալի աճը: Այս առնչութեամբ յօդուածին մէջ Ռիչըրտ մանրամասն նկարագրած է Ռուսիոյ հիւլէական ուժերու արդիականացումը եւ Մոսկուայի կողմէ նոր զէնքի ստեղծումը:

 

Նախորդը

Լիպիոյ Վերաքննիչ Դատարանը Չեղեալ Նկատած Է Թուրքիոյ Հետ Ստորագրուած` Յունաստանի Ծովային Գերիշխանութեան Իրաւունքներուն Սպառնացող Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Պայտըն «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնի Պաշտօնին Առաջադրած Է Մոսկուայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նախկին Դեսպանին Թեկնածութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.