Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ իր վարչակազմը Իրանի դէմ նախապէս հաստատուած պատժամիջոցները պիտի չջնջէ, մինչեւ որ Թեհրան դադրեցնէ իւրանիոմի հարստացման գործողութիւնները:
Սպիտակ տան ղեկավարը երէկ ամերիկեան «Սի. Պի. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը, թէ իր վարչակազմը կը պատրաստուի՞ Իրանի դէմ պատժամիջոցները ջնջելու, որպէսզի զայն վերադարձնէ բանակցութեան սեղան, ըսաւ. «Ո՛չ»:
Ան այլ հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ Իրանի կառավարութիւնը ամէն բանէ առաջ պէտք է դադրեցնէ իւրանիոմի հարստացման գործողութիւնները: