Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ իր երկիրը բազմաթիւ միջոցներ կ՛օգտագործէ հսկելու Իրանի հիւլէական ծրագիրին եւ արգիլելու համար, որ Թեհրանը զայն զարգացնէ` շեշտելով, որ իրենց նպատակը միայն Իրանի հիւլէական համաձայնութեան վերադառնալը չէ, այլ այդ համաձայնութիւնը ընդլայնելը, որպէսզի ներառէ անոր շրջանային գործունէութիւնն ու հրթիռային ծրագիրը:
Փրայս յայտնեց, որ իրենք տեղեկացած են հիւլէական զէնքի արտադրութեան դիմելու մասին իրանեան գաղտնի սպասարկութեան նախարարի յայտարարութեան մասին, «եւ ատիկա մեզ կը մտահոգէ»: