Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Ծրագրէ 2023-ին Հրթիռ Ուղարել Լուսին

February 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա կը նախատեսէ 2023 թուականի վերջաւորութեան տիեզերք արձակել սեփական արտադրութեան հրթիռը, որ կոշտ վայրէջք պիտի կատարէ Լուսնի վրայ։ «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան՝ 10 կէտերէ բաղկացած ազգային տիեզերական ծրագիրի շնորհահանդէսի արարողութեան ընթացքին։

«Ծրագիրի հիմնական եւ կարեւորագոյն առաքելութիւնը Լուսնի հետ մեր հանրապետութեան 100-ամեակի տարուան մէջ առաջին հաղորդակցութիւնն է», ըսած է Էրտողան։

Թուրքիոյ նախագահը յոյս յայտնած է. «Ազգային տիեզերական ծրագիրի ճամբու քարտէսը, որ երկիրը պիտի տանի համաշխարհային տիեզերական մրցավազքի բարձրագոյն լիկայ, յաջողութեամբ պիտի իրականացուի»։

«Թուրքիան, որ դարեր շարունակ ամբողջ աշխարհի վրայ արդարութեան, բարոյականութեան եւ խաղաղութեան առաջամարտիկը եղած է, դարպաս կը բանայ իր քաղաքակրթութեան «տիեզերական ճանապարհորդութեան» համար», ըսած է Էրտողան՝ նշելով, որ ծրագիրը պատրաստուած է եւ պիտի գործադրուի Թուրքիոյ տիեզերական գործակալութեան կողմէ։

Ազգային տիեզերական ծրագիրի նպատակներուն շարքին Էրտողան նշած է ապրանքանիշի ստեղծումը, որ կրնայ համաշխարհային հարթակի վրայ մրցիլ նոր սերունդի արբանեակներու մշակման գործին մէջ։

Էրտողան նշած է, որ Թուրքիան իր ազգային տիեզերական ծրագիրի շրջագիծին մէջ մտադիր է շրջանային դիրքաւորման եւ համակարգումի համակարգ ստեղծել։

«Ծրագիրին վերջնական նպատակը Թուրքիոյ քաղաքացին գիտական առաքելութեամբ տիեզերք ուղարկելն է», ըսած է ան՝ յայտարարելով արբանեակներու արտադրութիւնը մէկ վայրի մէջ կեդրոնացնելու իշխանութիւններու մտադրութեան մասին։

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութեան

Յաջորդը

Իր Խօսքը Մաքրոնին Ուղղելով. Էրտողան. «Նախ Պէտք Է Ալճերիոյ Եւ Ափրիկեան Մնացեալ Երկիրներուն Մէջ Ձեր Ջարդերուն Մեղքը Քաւես»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.