Իրան չ’աջակցիր ղարաբաղեան տագնապի կողմերէն որեւէ մէկուն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու` այս մասին յայտարարած է երկրի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Քիումարս Հայտարի:
Ըստ անոր, Թեհրան Հայաստանին ու Ազրպէյճանին տարակարծութիւններու լուծման այլընտրանքային ուղի կ’առաջարկէ:
«Իրան շրջանին մէջ իրեն համար նշած է «կարմիր գիծ», որն է` չարտօնել, որ շրջանին մէջ աշխարհագրական որեւէ փոփոխութիւն ըլլայ», ըսած է զօրավարը: Ան աւելցուցած է, որ պահպանելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հասարակաց սահմանները` Իրանի զինեալ ուժերը ուշադիր կը հետեւին այդ սահմաններէն դուրս կատարուող իրադարձութիւններու զարգացման:
Հայտարի հաւաստած է, որ այժմ Իրանի հիւսիսային սահմաններուն ոչինչ կը սպառնայ, եւ որեւէ հաւանական նախայարձակ պէտք է իմանայ, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինեալ ուժերը պատրաստ են դիմակայելու բոլոր սպառնալիքները: