Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Ճօ Պայտըն պարտաւորուած է պատասխանատու կերպով աւարտել Միացեալ Նահանգներու երկարաժամկէտ արտերկրեայ զինուորական գործողութիւնները` աջակցելով ԱՖղանիստանի մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
«Նախապէս նշած էինք, որ նախագահ Պայտըն պարտաւորուած է պատասխանատու կերպով դադրեցնել, այսպէս կոչուած, յաւերժական պատերազմները: Մենք նաեւ կը նախատեսենք աջակցիլ Իսլամական Հանրապետութեան (ԱՖղանիստան) եւ Թալեպանի միջեւ ընթացող խաղաղ հոլովոյթին», ըսած է դիւանագէտը:
Այս առնչութեամբ ան բացատրած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը տակաւին ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած է ԱՖղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական հետագայ ներկայութեան մակարդակին վերաբերեալ: Բայց եւ այնպէս, Ուաշինկթըն այս գնահատականին շուրջ սերտօրէն պիտի խորհրդակցի օտարերկրեայ դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ:
«Ի հարկէ, այս շաբաթ տեղի պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը: Եւ մենք, ինչպէս արդէն նշեցինք, ուշադիր կ՛ուսումնասիրենք Միացեալ Նահանգներու եւ Թալեպանի միջեւ համաձայնագիրներու պարտաւորութիւնները կատարելու կարողութիւնն ու պատրաստակամութիւնը», շեշտած է Փրայս` աւելցնելով. «Ի հարկէ, այս հարցին վերաբերեալ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու եւ դաշնակիցներուն հետ սերտ խորհրդակցութիւնը ապագային պիտի ըլլայ այս հոլովոյթի առանցքային մասը: Օսթինը (Փենթակոնի ղեկավարը) անհամբեր կը սպասէ ատոր»: