Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտարարեց, որ Թեհրանի մէջ իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ «շրջանին մէջ անվտանգութեան ամրապնդման կարելիութիւններուն շուրջ շինիչ երկխօսութիւն» կատարած է:
Քաթարեան դիւանագիտութեան պետը ընկերային ցանցի վրայ յայտնեց, որ հանդիպում ունեցած է Զարիֆի հետ եւ անոր հետ քննարկած շրջանային վերջին զարգացումներն ու շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:
Ան Իրանը նկատեց շրջանին մէջ բարեկամ երկիր մը, եւ բոլոր մարզերուն մէջ, մասնաւորաբար առեւտրական ու տնտեսական գործակցութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը շեշտեց:



