Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճափոն Մտադիր Է Ռուսիոյ Հետ Քուրիլեան Կղզիներուն Հարցով Վճռական Երկխօսութիւն Կատարել

Փետրուար 17, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճափոն մտադիր է լուծում գտնել Ռուսիոյ հետ Քուրիլեան կղզիներուն շուրջ տարածքային խնդիրին համար, հակառակ Ռուսիոյ Սահմանադրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն, որոնց համաձայն, կը բացառուի տարածքներու զիջումը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ճափոնի նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Քացունոպու Քաթօ:

«Կը կարծեմ, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ վճռական բանակցութիւններ վարել` համաձայն տարածքային խնդիրի լուծման եւ խաղաղ համաձայնագիրի կնքման հիմնական հոլովոյթի», ըսած է ան` Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Քաթօ յիշեցուցած է, որ անցեալ տարուան սեպտեմբերին Ռուսիոյ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք ճափոնի նախկին վարչապետ Սինձօ Ապէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատած էր իր պատրաստակամութիւնը` արագացնելու խաղաղ բանակցութիւնները 1956 թուականի միացեալ հռչակագիրին հիման վրայ:

Վերջերս Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Թոշիմիցու Մոթեկի ըսած էր, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի աւարտէն ետք, Թոքիօ կը նախատեսէ Մոսկուայի հետ քննարկել Հարաւային Քուրիլներու մէջ միացեալ տնտեսական նախագիծերու իրականացման վերսկսելու կարելիութիւնը:

Նշենք, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Ռուսիոյ եւ Ճափոնի միջեւ հաշտութեան համաձայնագիրի բացակայութիւնը երկար տարիներ վատթարացուցած է երկու երկիրներու յարաբերութիւնները: Թոքիօ կը յաւակնի տիրանալ Հարաւային Քուրիլներուն (Քունաշիր, Շիքոթան, Իթուրուփ եւ Հապոմայ կղզիներ)` վկայակոչելով «Առեւտուրի եւ սահմաններու մասին» 1855 թուականի երկկողմանի համաձայնագիրի կէտերը:

Մոսկուան այս առնչութեամբ կը պնդէ, որ կղզիները պատերազմէն ետք մտած են Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ եւ որ անոնց նկատմամբ Ռուսիոյ գերիշխանութիւնը անհերքելի է:

Յիշեցնենք, որ 1956 թուականին Խորհրդային Միութիւնն ու Ճափոնը ստորագրած էին միացեալ հռչակագիր, որով Մոսկուան համաձայնած էր խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումէն ետք քննարկել երկու կղզիներ` Հապոման եւ Շիքոթանը Ճափոնի փոխանցելու կարելիութիւնը: Բայց եւ այնպէս, հետագայ բանակցութիւնները ոչ մէկ ձեւով փոխած են կացութիւնը:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Մասնակցիլ Սոչիի Մէջ Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Վերաբերեալ Միջազգային Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Նեթանիահու Ընդունած Է, Որ Պայտընի Հետ Իրանի Եւ Պաղեստինի Հարցերուն Շուրջ Տարակարծութիւններ Ունի

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?