Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ժան-Իվ Լը Տրիանը, Տոմինք Ռափն ու Հայքօ Մաասը իրենց ամերիկացի պաշտօնակից Էնթընի Պլինքընի հետ պիտի քննարկեն իրանեան թղթածրարը:
Անոնց տեսաժողովը հիմնականին մէջ պիտի յատկացուի Իրանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ շրջանային անվտանգութեան: