
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Արցախի` Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջան կիրակի օր կատարած այցելութեան ընթացքին բացումը կատարած է Ծաղկաբերդ գիւղին մէջ նոր կառուցուած ջրելեկտրակայանին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ալիեւի յայտարարութեան: