Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը Իրաք-Սուրիա սահմանին վրայ իրաքեան Ժողովրդային աշխարհազօրին դէմ կատարուած ամերիկեան օդային հարուածը «պաշտպանական պատգամ մըն է, որուն նպատակը հաստատելն է, որ Ուաշինկթըն իր զինուորներուն թիրախաւորման նկատմամբ աչք պիտի չփակէ»:
Մինչ այդ, Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը իր ուժերը դրաւ պատրաստ վիճակի մէջ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու օդային հարուածները խանգարած են Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ոչ պաշտօնական բանակցութիւնները:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռիապքով յայտնած է, թէ ամերիկեան օդային հարուածը զուգադիպեցաւ ամերիկեան եւ իրանեան պատուիրակութիւններուն միջեւ հանդիպումի մը իրականացման նկատմամբ աշխուժ պատրաստութիւններուն հետ:
Ան Ուաշինկթընի մէջ «ազդեցիկ ուժեր» ամբաստանեց հանդիպումը խանգարելու որոշում տալու յանցանքով: