Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հասան Քահպէ երէկ ողջունեց «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Մոհամետ Ալ Հաժէի այսօր Իսրայէլ այցելութիւնը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան մէջ:
Քահպէ նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` յոյս յայտնելով, որ Իսրայէլի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատունը շուտով կը բացուի:
Իսրայէլի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը նախապէս յայտարարած էր. «Յառաջիկայ շաբաթ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հասնին Թել Աւիւ»` նշելով, որ ատիկա «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի համար բացուելու, փոխհասկացողութեան եւ բարգաւաճման նոր փուլի մը սկիզբն է»: