Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Արձագանգած Է Պատերազմական Գերիներու Մասին Ալիեւի Յայտարարութեան

March 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը արձագանգած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` պատերազմական գերիներու մասին յայտարարութեան` կոչ ուղղելով հետեւելու միջազգային մարդասիրական օրէնքին եւ լիարժէքօրէն կատարելու Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին համաձայնագիրի պատերազմական գերիներու փոխանակման եւ մարդկային աճիւններու վերադարձի մասին կէտերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

«Եթէ օտարերկրեայ զինեալները տակաւին կը շարունակեն մնալ շրջանին մէջ, ապա պէտք է արագ եւ ամբողջութեամբ դուրս բերուին: Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ` բանակցութիւններ վարելու տագնապի համապարփակ եւ կայուն լուծման շուրջ, որ դէպի շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան կ՛առաջնորդէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ալիեւ 26 փետրուարին յայտարարած էր, որ Պաքուն բոլոր պատերազմական գերիները յանձնած է Երեւանին:

«Մենք անոնց վերադարձուցինք բոլոր գերիները եւ զոհուած զինուորներուն մարմինները: Պատերազմէն ետք անոնց վերադարձուեցաւ աւելի քան հազար դիակ», ըսած էր ան` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանի մէջ միայն «վարձկաններ ու խափանարարներ» մնացած են:

«Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ մինչեւ օրս Հայաստան վերադարձած են 69 գերիներ, ներառեալ քաղաքայիններ` աւելցնելով, որ պաշտօնական տուեալներ չկան, թէ քանի՛ գերի կայ ազրպէյճանական կողմին մօտ, սակայն 9 նոյեմբերին 2020-ի զինադադարի մասին եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրելէ գրեթէ չորս ամիս ետք, ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, մինչեւ 300 հայ պատերազմական գերիներն ու պատանդները տակաւին կը շարունակեն մնալ գերութեան մէջ:

 

Նախորդը

«Պաքուն Պիտի Չխոչընդոտէ Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մօտ Օրէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանատան Բացումը Կը Յուսայ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.