Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանը Օգնութիւն Չէ Խնդրած Ռուսիայէն» Կ՛ըսէ Մաթվիենքօ

March 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը օգնութեան խնդրանքով չէ դիմած Ռուսիոյ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ:

«Այն ամէնը, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Հայաստանի ներքին գործն է: Հայաստանին որեւէ բանով օգնելու ոչ մէկ խնդրանք Հայաստանի ղեկավարութենէն, իմ գործընկերէս (Հայաստանի խորհրդարանի նախագահէն) չէ եղած», ըսած է ան:

Մաթվիենքօ ընդգծած է, որ Ռուսիան երբեք չի միջամտեր գերիշխան պետութիւններու գործերուն:

«Ատիկա մեր կանոններէն դուրս է», ընդգծած է Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը:

«Մենք Հայաստանի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն, ուժերուն, Հայաստանի ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղենք ամէն ինչ ընելու, որպէսզի երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները լուծուին խաղաղ ճամբով եւ տեղական օրէնսդրութեան համապատասխան», ըսած է ան:

Մաթվիենքօ նշած է, որ Ռուսիոյ մէջ տագնապով կը հետեւին Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին եւ շահագրգռուած են ատոր շուտափոյթ կայունացման հարցին մէջ:

«Ի հարկէ, մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք այդ բոլորին: Եւ մենք շահագրգռուած ենք, որ Հայաստանի մէջ կացութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կայունանայ: Ատիկա անկասկած կարեւոր է ինքնին Հայաստանի, հայ ժողովուրդին համար, ատիկա կարեւոր է նաեւ շրջանի կայունութեան համար», ըսած է ան:

«Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի ղեկավարներուն պատասխանատուութիւնը շատ մեծ պիտի ըլլայ: Ինչ իրադարձութիւններ ալ տեղի ունենան, պէտք է շարունակականութիւն ըլլայ: Որեւէ շարժում, որեւէ քայլ, որ պիտի հակասէ այդ համաձայնագիրին, կրնայ յանգեցնել մեծ ողբերգութեան, ատիկա կարելի չէ արտօնել», նշած է Մաթվիենքօ:

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահին համաձայն, Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ համաձայնագիրը կայունութիւն ստեղծած է Անդրկովկասի մէջ:

«Հոլովոյթները կը շարունակուին, անոնք բարդ են, ամէն օր այս կամ այն նրբութիւնները ի յայտ կու գան: Սակայն գլխաւորը` համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է, եւ այժմ պէտք է հասնիլ անոր, որ անիկա կը շարունակէ գործադրուիլ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիմամբ», ընդգծած է Մաթվիենքօ:

Անոր համաձայն, եռակողմ համաձայնագիրը, զոր ստորագրած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները, շատ կարեւոր էր զինեալ տագնապի զարգացումը կանխարգիլելու տեսանկիւնէն, եւ ատիկա Ռուսիոյ նախագահին անձնական մեծ վաստակն է, փոխզիջումներ գտնելու եւ համաձայնելու անոր ունակութեան արդիւնքը:

«Ռուս խաղաղապահներու մուտքը պայմաններ ստեղծեց այդ շրջանի կայունութեան եւ խաղաղ կեանքին վերադառնալու համար: Մեր խաղաղապահները հսկայական աշխատանք կը կատարեն ականազերծման, բնակարաններու եւ շէնքերու վերականգնման ուղղութեամբ, կ՛օգնեն գաղթականներու անվտանգ վերադարձի հարցին մէջ», նշած է Մաթվիենքօ:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Յուսախաբութիւն Կը Յայտնէ Իրանի` Հիւլէական Համաձայնութեան Շուրջ Բանակցիլ Մերժելուն Նկատմամբ

Յաջորդը

Իսրայէլ Օդային Յարձակում Գործած Է Դամասկոսի Արուարձանին Վրայ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.