Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հրամանով արեւելեան Սուրիոյ մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներու կողմէ օգտագործուող ենթակառոյցներու դէմ օդային հարուած հասցուցած է:
«Այս հարուածներուն արտօնութիւն տրուեցաւ` իբրեւ պատասխան Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու եւ Միջազգային դաշինքի անդամներուն դէմ վերջին յարձակումներուն եւ այդ անդամներուն նկատմամբ շարունակուող սպառնալիքներուն», ըսաւ նախարարութիւնը, նշելով, որ օդային հարուածները քանդած են սահմանային ենթակառոյցներ, որոնք կ՛օգտագործուէին Իրանի աջակցութիւնը վայելող ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ, որոնց շարքին` Քաթայեպ Հըզպալլան եւ Քաթայեպ Սայետ Շուհատան:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը, վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմէն իր աղբիւրը, հաղորդեց, որ օդային հարուածին պատճառով կան զոհեր: Ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին, ամերիկեան ռմբաձիգներու` Իրաքի հետ սահմանին գտնուող դիրքերու վրայ կատարած գիշերային յարձակումներուն ընթացքին իրանամէտ առնուազն 17 զինեալ սպաննուած է:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին վստահութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ հարուածուած են Իրաքի մէջ վերջին յարձակումները գործած միլիսներուն ենթակառոյցները:
«Սուրիոյ մէջ օդային հարուածը տեղի ունեցաւ իմ յանձնարարականովս եւ հաստատելու համար մեր ըսածը, թէ պատշաճ ժամանակին պիտի հակադարձենք», ըսաւ Օսթին:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան վարմունքը կրնայ շրջանին մէջ կացութեան վատթարացման եւ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան տապալումին յանգեցնել:
Ան յայտնեց, որ 22 փետրուարին Պաղտատի Կանաչ գօտիին դէմ կատարուած հրթիռարձակումի տուեալները բնաւ յստակ չեն, եւ ատոր համար պատասխանատուի ճշդումը ոչ հաւաստի կերպով կատարուեցաւ ընդդիմադիր աշխարհաքաղաքագէտներու կողմէ: «Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս իրենք իրենց իրաւունք կու տան դատարանէն դուրս եւ առանց միջազգային օրէնքի կանոններն ու սկզբունքները յարգելու հետաքննութիւն կատարելու, վճիռ արձակելու եւ զայն գործադրելու:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան օդային հարուածէն ժամեր ետք Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ հեռաձայնած է իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի: