Պայտըն Կը Խոստանայ Ամերիկեան Բոլոր Ուժերը Մինչեւ 11 Սեպտեմբեր «Առանց Նախապայմանի» Հեռացնել Աֆղանիստանէն
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը Աֆղանիստանի մէջ պիտի մնան Թալեպան շարժումին հետ համաձայնութեան մէջ ճշդուած ժամկէտէն` 1 մայիսէն անդին, եւ «առանց նախապայմանի» երկրէն պիտի հեռանան 11 սեպտեմբերին` Միացեալ Նահանգներու մէջ 2001 թուականի ահաբեկչական յարձակումներու տարելիցին: Ամերիկացի պաշտօնատար մը լրագրողներու յայտնեց. «Ուժերու կազմակերպուած հեռացումը պիտի սկսի 1 մայիսին, եւ ամերիկեան բոլոր ուժերը երկրէն դուրս բերել կը նախատեսուի...




















