Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Պիտի Վերականգնէ Պաղեստինցի Գաղթականներու` Թրամփի Օրերուն Դադրեցուած Ֆինանսաւորումը

April 9, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը յայտարարած է, թէ մտադիր է վերսկսիլ պաղեստինցի գաղթականներուն աջակցող ՄԱԿ-ի գործակալութեան ֆինանսաւորումը, որ դադրեցուած էր 2018 թուականին` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ժազիրա»-ն:

«Պայտընի վարչակազմը պիտի վերականգնէ ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի մէջ Պաղեստինցի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան տրուող աւելի քան 150 միլիոն տոլար մարդասիրական օգնութիւնը», նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի մէջ Պաղեստինցի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութիւնը` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն օգնութիւն եւ այլ ծառայութիւններ կը մատուցէ Յորդանանի, Լիբանանի, Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ բնակող շուրջ 5,7 միլիոն պաղեստինցի գաղթականներու եւ ողջունած է Միացեալ Նահանգներու վերոնշեալ յայտարարութիւնը:

«Մենք ուրախ ենք, որ անգամ մը եւս պիտի համագործակցինք Միացեալ Նահանգներու հետ` Միջին Արեւելքի ամէնէն խոցելի գաղթականներուն կարեւոր օգնութիւն տրամադրելու եւ միլիոնաւոր գաղթականներու ամէն օր կրթուելու եւ առաջնային առողջապահական ծառայութիւններ տրամադրելու մեր լիազօրութիւնը ստանձնելու համար», ըսած է գործակալութեան գլխաւոր յանձնակատար Ֆիլիփէ Լազարինի:

Բացի վերոնշեալ օգնութենէն, Պլինքընի պնդումով Միացեալ Նահանգները կը նախատեսեն եւս 75 միլիոն տոլար յատկացնել Յորդանան գետի ափին եւ Կազայի հատուածին մէջ տնտեսական եւ զարգացման օժանդակութեան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ 10 միլիոն տոլար` Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով խաղաղութեան կառուցման ծրագիրներուն:

«Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ են թէ՛ իսրայէլացիներու, թէ՛ ալ պաղեստինցիներու բարգաւաճման, անվտանգութեան եւ ազատութեան, ինչ որ կարեւոր է «երկու պետութեան» ստեղծման հիմքով տագնապի լուծման բանակցութիւններուն մէջ», աւելցուցած է Պլինքըն:

 

 

Նախորդը

Թրքական Դրամատան Գործադիր Տնօրէնը Մանրամասնութիւններ Հաղորդած Է Արցախի` Ազրպէյճանի Կողմէ Բռնագրաւուած Տարածքներու Վերակառուցման Ծրագիրին Մասին

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-ի Զինուորական Յանձնախումբի Ղեկավարը Կ՛այցելէ Ուքրանիա

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.