Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Պիտի Պատասխանենք Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Որեւէ Ոչ Բարեկամական Քայլի» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ապրիլ 9, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ղազախստանի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մուխթար Թլէուպերտիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի պատասխանէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մոսկուային ուղղուած ոչ բարեկամական որեւէ քայլի: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը քննարկէ ռուս դիւանագէտներ երկրէն արտաքսելու եւ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ կիրարկելու կարելիութիւնը` ի պատասխան Ռուսիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան միջամտելուն, որուն համար Մոսկուան շարունակաբար կը մեղադրուի:

«Մենք պիտի պատասխանենք որեւէ ոչ բարեկամական քայլի: Այնքան ատեն որ յստակ որոշումներ չեմ տեսած, ոչինչ չէ յայտարարուած: Ես կարդացի զեկուցումները, թէ վարչակազմը աւարտած է Ռուսիոյ «թշնամական գործողութիւններու» վերատեսութիւնը: Որոշ ձեւով անոնց մօտ ատիկա շատ արագ եղաւ: Անոնք մեզ հաւանաբար այլ ձեւերով պիտի պատժեն», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Լաւրով աւելցուցած է, որ ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները Մոսկուայի հետ կայուն յարաբերութիւններու հարցին մէջ Ուաշինկթընի շահագրգռուածութեան մասին համոզիչ չեն եւ նշած, որ ռուսական կողմը պիտի սպասէ յստակ քայլերու:

Լաւրով մատնանշած է նաեւ Մոսկուայի նկատմամբ Ուաշինկթընի պատժամիջոցային քաղաքականութեան անօգուտ ըլլալը եւ այս մօտեցումը կոչած է «փակուղի» եւ «յիմարութիւն»` շեշտելով, որ այս բոլոր իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ իրենք պէտք է ապաւինին միայն իրենց ուժերուն եւ, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները յուսալի գործընկերներ չեն:

Միւս կողմէ, Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Ուաշինկթընի թշնամական քաղաքականութեան պատճառով պէտք է պատրաստուինք յոռեգոյնին»:

Նախորդը

«Եթէ Հայաստան Դրական Արձագանգէ, Հարաւային Կովկասը Հետագային Կրնայ Դառնալ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Շրջան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Պատրաստ Ենք Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Ջնջելու»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?