Թուրքիոյ ամրապնդումը եւ Անգարայի աշխուժ արտաքին քաղաքականութիւնը կը մտահոգեն շարք մը երկիրներ: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Անգարայի մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Թրքական պետութեան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ անցեալ ժամանակաշրջանին արտասահմանի մէջ թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն թիւը 163-էն բարձրացած է 251-ի:
«Թուրքիան իր ներդրումը կ՛ունենայ տարբեր շրջաններու մէջ տագնապներու երկարաժամկէտ լուծման հոլովոյթին մէջ` Լիպիայէն Սուրիա, Արեւելեան Միջերկրականէն մինչեւ Եգէական ծով, Կիպրոսէն Ղարաբաղ: Մենք աշխուժ ենք թէ՛ բանակցային սեղանի վրայ, թէ՛ ալ գետնի վրայ», նշած է Թուրքիոյ նախագահը:
«Լեռնային Ղարաբաղի հողերը 30-ամեայ հայկական բռնագրաւումէն ազատագրելու գործին մէջ մենք կ՛աջակցէինք Ազրպէյճանին, կ՛աջակցէինք Ազրպէյճանի յաղթանակին», աւելցուցած է Էրտողան: