Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Հիւլէական բանակցութիւնները դժուար պիտի ըլլան, բազմաթիւ պատճառներով, որոնց կարգին` Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ վստահութեան չգոյութեան պատճառով»:
Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է վերցնելու Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, ներառեալ հիւլէական համաձայնութեան հակասողները:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նախապէս յայտարարած էր, որ եթէ Ուաշինկթըն պատժամիջոցները վերցնելու հարցին նկատմամբ լրջութիւն եւ հաւաստիութիւն ցուցաբերէ, ապա Իրանի որդեգրած փոխհատուցումնային քայլերէն կարելի է ետդարձ կատարել: