Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, պատասխանելով «Թերթ»-ի «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտը յայտարարած է, որ իբրեւ թէ ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը իրեն ըսած է, որ նոյնիսկ եթէ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը համաձայնին Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերաբերող գաղափարներուն, ռուսական կողմը պիտի չդիմէ անոնց իրականացման. որքանո՞վ այս յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան» հարցումին ըսած է.
«Բացարձակապէս չի համապատասխաներ: Ռուսիան միշտ պատրաստ եղած է լուծման այն տարբերակին, որուն կ՛աջակցին տագնապին կողմերը: Այս մասին բազմիցս խօսած է Ռուսիոյ նախագահը: Այս դիրքորոշումը որոշիչ է Ռուսիոյ համանախագահութեան աշխատանքին մէջ:
«Ինչի՞ վրայ հիմնուած է Ռ.Հոկլընտը, որ նման յայտարարութիւն ըրած է, ես չեմ պատրաստուիր գուշակել:
«Կ՛ուզեմ շեշտել, որ լուծման առաջարկներու թղթածրարը, բացի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հռչակագիրներէն, կը ներառէր նաեւ ատոր աջակցելու մասին Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միացեալ յայտարարութիւնը: Այս երկու փաստաթուղթերը, առաւել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ կը հաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի լուծման վերաբերեալ առաջարկներու թղթածրարը, կը կազմէին էութիւնը այն ժամանակուան ռուսական առաջարկներուն, որոնց մասին մանրամասնօրէն տեղեակ էին միւս համանախագահ երկիրները` Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, եւ որուն անոնք լիովին կ՛աջակցէին», ըսած է Զախարովա: