Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուքրի Լաւրովի Հետ Հանդիպումէն Ետք Կոչ Կ՛ուղղէ Լիպիայէն Օտար Ուժերու Հեռացման

April 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ Գահիրէի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Լաւրովի հետ քննարկեցի պաղեստինեան խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջ մղման հարցը, ինչպէս նաեւ Նահտայի ամբարտակի եւ Քինշասայի ժողովներուն հարցերը»:

Շուքրի յայտնեց, որ Լաւրովի հետ նաեւ քննարկած է Տապհայի հիւլէական կայանի կառուցման հարցը: Ան նաեւ նշեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է երկու երկիրներուն միջեւ համակարգումի եւ գործակցութեան բոլոր ոլորտներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ ճշդուած է «2+2» ձեւաչափով արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով շարք մը հարցերու, մասնաւորաբար Լիպիոյ եւ Սուրիոյ հարցերուն շուրջ համակարգումի խորհրդակցութեան նիստին թուականը:

Ան ընդգծեց, որ Նեղոս գետը Սուտանի եւ Եգիպտոսի համար գոյութենական հարց է, «եւ միակողմանի քայլերը պիտի չընդունինք»` շեշտելով. «Կառչած կը մնանք Նահտա ամբարտակի հարցով պարտաւորիչ համաձայնութեան մը գոյացման կարեւորութեան, եւ բանակցութեան ափրիկեան հոլովոյթը ձախողեցաւ»:

«Մենք մեր յոյսը կը կապենք Եթովպիոյ հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն վրայ` Նահտա ամբարտակին վերաբերեալ համաձայնութեան հասնելու օժանդակութեան համար, եւ Նահտա ամբարտակին շուրջ կ՛առաջարկենք քառակողմ միջնորդութիւն մը, որուն նպատակը բանակցութիւններու աշխուժացումն է»:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նաեւ ընդգծեց «Սուրիոյ արաբական գիրկ վերադառնալու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար արաբական ազգային անվտանգութիւնը»: «Սուրիան արաբական աշխարհին մէկ մասն է, եւ Եգիպտոս անոր հետ պատմական յարաբերութիւններ ունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եգիպտոսի եւ Ռուսիոյ միջեւ Ժընեւի յատուկ բանակցութիւններուն աջակցելու պատկերացումին շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:

«Շրջանային երկիրներ կը փորձեն Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու անոր տարածքային ամբողջականութիւնը խաթարել», ըսաւ ան:

Շուքրի կոչ ուղղեց օտար ուժերու լիպիական հողերէն հեռացման, աւելցնելով, որ «կը զօրակցինք զինուորական միացեալ յանձնախումբի որոշումներուն»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարին հետ շարք մը հարցերու շուրջ ունեցած է շինիչ քննարկումներ, «եւ քննարկեցինք Ռուսիոյ կողմէ Եգիպտոսի երկաթուղիի մարզի արդիականացման հարցը»:

«Եգիպտոսի հետ միջազգային ու շրջանային հարցերուն նկատմամբ հասարակաց պատկերացում ունինք եւ կ՛ողջունենք արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը», նշեց ան` աւելցնելով. «Գոհունակութիւն կը զգանք Լիպիոյ քաղաքական զարգացումներուն նկատմամբ եւ պատրաստ ենք վերաշինութեան մասնակցելու: Եգիպտոսի հետ համաձայն ենք Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջանականութեան պահպանման շուրջ»:

«Նահտա ամբարտակի բանակցութիւնները պէտք է երաշխաւորեն առնչակից երկիրներու շահերը, եւ Ռուսիան առնչակից է ամբարտակի ճգնաժամի լուծման», յայտնեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով առնչակից կողմերուն միջեւ այդ հարցին շուրջ բանակցութիւններու ճամբով լուծումի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացման կարեւորութիւնը:

«Մենք կը զօրակցինք բոլոր տագնապներուն, ներառեալ շրջանային տագնապներու քաղաքական լուծման», ըսաւ Լաւրով:

«Քննարկեցինք սուրիական թղթածրարն ու սուրիացի ժողովուրդի` իր ճակատագիրը ճշդելու իրաւունքը», յայտնեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը` ընդգծելով Սուրիոյ` Արաբական լիկայ վերադառնալու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ռազմագերիներ, Դատարկ Օդանաւ Եւ Վարկանիշներ

Յաջորդը

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կրնան Օգտակար Դեր Խաղալ Արցախի Կացութեան Կարգաւորման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Քարասին

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.