Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով հակազդեց երկուշաբթի օր Եւրոպական Միութեան կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն եւ նշեց. Երկուշաբթի օր «Եւրոպական Միութեան որդեգրած լկտի քայլէն, Իրանի շարք մը պաշտօնատարներու եւ կառոյցներու դէմ արգելք հաստատելէ ետք, Իրանի մէջ Փորթուգալի դեսպան Քարլոս Քոսնաթաուսը, որուն երկիրը կը վարէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի խորհրդականին ու Արեւմտեան Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէնին կողմէ կանչուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ անոր փոխանցուեցաւ Եւրոպական Միութեան ապօրինի քայլին նկատմամբ Իրանի բուռն բողոքը»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ նշեալ իրանցի երկու պաշտօնատարները դատապարտած են այդ քայլը եւ զայն նկատած քաղաքական ու մարդկային իրաւանց հարցերու նկատմամբ ընտրովի գործելաոճ` յստակ դարձնելով, որ Իրան պիտի հակադարձէ ատոր` առկախելով Եւրոպական Միութեան հետ համապարփակ բանակցութիւններն ու անոնցմէ բխող գործակցութիւնը, ներառեալ ահաբեկչութեան, թմրեցուցիչի դէմ պայքարի եւ գաղթականներու հարցերուն վերաբերող խնդիրներուն մէջ գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ ներկայիս կը քննարկուի Իրանի կողմէ փոխադարձ պատժամիջոցներու հարցը:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարած էր, թէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման համար պատժամիջոցներու ենթականերու ցանկին մէջ կը ներառէ իրանցի 8 պաշտօնատարներ եւ երեք հաստատութիւններ:



