Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը Աֆղանիստանի մէջ պիտի մնան Թալեպան շարժումին հետ համաձայնութեան մէջ ճշդուած ժամկէտէն` 1 մայիսէն անդին, եւ «առանց նախապայմանի» երկրէն պիտի հեռանան 11 սեպտեմբերին` Միացեալ Նահանգներու մէջ 2001 թուականի ահաբեկչական յարձակումներու տարելիցին:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը լրագրողներու յայտնեց. «Ուժերու կազմակերպուած հեռացումը պիտի սկսի 1 մայիսին, եւ ամերիկեան բոլոր ուժերը երկրէն դուրս բերել կը նախատեսուի 11 սեպտեմբերի յարձակումներուն 20-ամեակէն առաջ»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ Աֆղանիստանի մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարած էին 11 սեպտեմբեր 2001-ին Նիւ Եորքի Միջազգային առեւտուրի կեդրոնին եւ Փենթակոնի կեդրոնատեղիին վրայ Քայիտա ահաբեկչական խմբաւորումին կատարած յարձակումէն ետք: Միացեալ Նահանգներ այդ յարձակումը շղթայազերծելով տապալեցին Թալեպան շարժումի իշխանութիւնը, որ ամբաստանուած էր այդ յարձակումը գործած Քայիտա խմբաւորումին եւ անոր ղեկավար Ուսամա պըն Լատենին ապաստան տրամադրելու յանցանքով:
Ան ըսաւ, որ այդ հեռացումը պիտի ըլլայ «համակարգուած» եւ ՕԹԱՆ-ի այլ ուժերու հեռացման զուգահեռ:
«Թալեպան շարժումը տեղեակ պահեցինք, որ կազմակերպ եւ անվտանգ հեռացման ընթացքին առանց այլեւայլի ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք ամերիկացի զինուորներու վրայ կատարուելիք որեւէ յարձակումի», աւելցուց աղբիւրը:
Թալեպան շարժումը վերջերս Ուաշինկթընը զգուշացուց 1 մայիսի ժամկէտը չյարգելէ` սպառնալով ուժեղ կերպով հակադարձել: Շարժումը 2020 թուականին Միացեալ Նահանգներու եւ Թալեպան շարժումին միջեւ գոյացած համաձայնութենէն ի վեր հրաժարած էր Աֆղանիստանի մէջ օտար ուժերու վրայ որեւէ յարձակում գործելէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ իրագործեցին Աֆղանիստանի մէջ իրենց բոլոր նպատակները»` նշելով, որ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն հետ Աֆղանիստանէն ամբողջական հեռացման շուրջ համակարգում գոյութիւն ունի:



