Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Համաս Մուրատ Մարճան յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին հետ քննարկած է Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգերու գնման շուրջ երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութեան հարցը` նշելով. «Երկու երկիրներու պաշտօնատարները այս հարցը քննարկեցին հանդիպումներու ընթացքին, որոնք տեղի ունեցան Պայտընի իշխանութիւնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք, սակայն հարցը տակաւին չէ աւարտած»:
«Սխալ է ըսել, թէ երկու երկիրները հարցին նկատմամբ իրենց վերջնական կեցուածքը որդեգրած են», նշեց ան` շեշտելով. «Պէտք է արգելք հանդիսանալ, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ գոյութիւն ունեցող ներկայ տարակարծութիւնները թունաւորեն անոնց միջեւ գործակցութեան ոլորտները»: