«Էրտողան Թեր Արտայայտուած Է Ուքրանիոյ` Օթան-Ին Անդամակցութեան» Կ՛ըսէ Զելենսքի
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պաշտպանած է ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու Ուքրանիոյ խնդրանքը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Էրտողան թեր արտայայտուած է Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան», խօսելով Քիեւի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ցանկութեան մասին, ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին մէջ յայտնած է Զելենսքի: Յիշեցնենք, որ 10 ապրիլին, Էրտողան բանակցութիւններ վարած է պաշտօնական այցելութեամբ Պոլսոյ մէջ...




















