Իրանի հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան բանբեր Պարուզ Քալամոնտի յայտարարեց, որ երէկ արշալոյսին Նաթանզ հիւլէական կայանին մէջ ելեկտրականութեան մատակարարման ցանցին մէջ արկած մը տեղի ունեցած է:
Ան իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ դէպքին շուրջ տեղի կ՛ունենայ հետաքննութիւն, որուն արդիւնքը հետագային պիտի յայտարարուի` նշելով, որ արկածին պատճառով մարդկային վնասներ կամ շողարձակումի սպրդում չէ արձանագրուած:
Ըստ իսրայէլեան մամլոյ տեղեկութիւններու, Նաթանզի մէջ ելեկտրականութեան ընդհատման պատճառը համացանցային յարձակում մըն էր:
Իրանի խորհրդարանի ուժանիւթի յանձնախումբի բանբեր Մալաք Շարհիթի երէկ յայտնեց, որ հաւանական է, որ արկածը հետեւանք ըլլայ «խափանարարական եւ ներթափանցման արարք»-ի:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը, յղում կատարելով գաղտնի սպասարկութիւններու աղբիւրներուն, հաղորդած է, որ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը` Մոսատը Իրանի Նաթանզ հիւլէական կայանին դէմ ելեկտրոնային յարձակում գործած է: