Պաղեստին Չ՛ուզեր, Որ Թուրքիան Պաղեստինեան Կացութեան Սրումը Համեմատէ Արցախի Կացութեան Հետ
Պաղեստին կը գնահատէ այն աջակցութիւնը, որ իր երկրին Իսրայէլի հետ դիմակայութեան մէջ կը ցուցաբերէ Թուրքիան, սակայն չէր ուզեր, որ ներկայ սրումը համեմատուէր Արցախի կացութեան հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Ռուսիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպան Ապտել Հաֆիզ Նոֆալ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս ըսած էր, որ Թուրքիան Երուսաղէմի պաղեստինցիներուն կ՛աջակցի «այն նոյն վճռականութեամբ, որով Ղարաբաղի...




















