Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ այցելած է Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Նախիջեւանի միջազգային օդակայանին մէջ զինք դիմաւորած է Նախիջեւանի գերագոյն խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպով:
Ալիեւ այցելած է Հայտար Ալիեւի յուշարձան, որ տեղակայուած է Նախիջեւան քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ: Այնուհետեւ ան մասնակցած է օդակայանին մէջ նոր էջուղիի, ինչպէս նաեւ զինուորական օդակայանի բացումին: