Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ հակառակ բարդութեան` Արցախի շրջանին մէջ սահմաններու առնչուած խնդիրները լուծելի են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը:
«Այժմ մենք պէտք է զբաղինք «ցամաքի» մանրամասնութիւններով: Կան սահմանազատումներ եւ սահմանագծումներ: Ամէն ինչ յստակ չէ, սակայն, մեր համոզումով, ամէն ինչ լուծելի է: Պատերազմական փորձագէտները դիւանագէտներու մասնակցութեամբ կրնան համաձայնութեան գալ փոխընդունելի լուծումներու շուրջ», շեշտած է Լաւրով:
Ան յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային հանգոյց ստեղծելը կրնայ հիմք դառնալ Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու բարելաւման համար:
«Մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն կարգաւորումով: Մենք կը կարծենք, որ ձգձգուած տագնապի յաղթահարման տնտեսական երեւոյթներու վրայ կեդրոնանալու ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքը կը ստեղծէ առաւելագոյն շրջանակ», ըսած է Լաւրով:
«Մարդիկ պէտք է զգան, որ այս հոլովոյթը տեղի կ՛ունենայ, կայ իրական բարելաւում: Երեք փոխվարչապետներ` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, պարբերաբար կը հանդիպին երեք երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ ստեղծուած աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ` քննարկելու, ղեկավարներու համաձայնագիրի համաձայն, Հարաւային Կովկասի բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ գործնական երեւոյթները: Ասիկա կարողական շատ լուրջ փոխադրամիջոցային հանգոյց է, որ նշանակութիւն պիտի ունենայ շրջանային շրջանակներէն շատ աւելի դուրս», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան Բ. պատերազմէն ետք շրջանին մէջ կացութեան հետագայ կարգաւորման բանալին եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերուն կատարումն է:
Ան նշած է, որ նոյեմբեր 2020 թուականին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը ներառեն կացութիւնը կարգաւորելու համար անհրաժեշտ ամէն բան եւ ուղղուած են շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, որ գրեթէ 30 տարիէ ի վեր արգելափակուած էր, եւ որ կը խոչընդոտէր շրջանի զարգացման:
«Մեր զինուորականները սերտ հաղորդակցութեան մէջ են ազրպէյճանական կողմին հետ: Ընդհանուր առմամբ, մենք աշխատանքները դրական կը գնահատենք: Ատոնք կը նպաստեն խաղաղ կեանքի վերականգնման», ըսած է ան:
Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը հաղորդեց, որ Պայրամով իր կարգին յայտարարած է. «Այսօր քննարկուած հիմնական նիւթերէն մէկը եռակողմ համաձայնութեան իրագործումն էր: Ազրպէյճանական կողմը կը կարծէ, որ այս համաձայնագիրը բաւարար պայմաններ կը ստեղծէ շրջանի զարգացման համար եւ կը նպաստէ նոր իրողութիւններու ի յայտ գալուն:
Ան նաեւ շեշտած է, որ Ազրպէյճան ամբողջովին կը կատարէ 9 նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան պարտաւորութիւնները:
«Իբրեւ օրինակ կարելի է նշել Ազրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութիւն մատակարարելու համար պայմաններու ստեղծումը: Ըստ եռակողմ համաձայնութեան, ազրպէյճանական կողմի զինուորները ձմեռնային պայմաններուն մէջ եւս մասնակցած են պատերազմին մէջ զոհուած հայ զինուորներու մարմիններու որոնման աշխատանքներուն: Ազրպէյճանական կողմը օգնութիւն ցուցաբերած է նաեւ մահացածները որոնելու հարցին մէջ: Համաձայնագիրի կնքումէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճան կատարած է իր պարտաւորութիւնները` ապահովելով անվտանգ երթուղի Ազրպէյճանի տարածքով: Մենք բարձր կը գնահատենք Ռուսիոյ դերը եռակողմ համաձայնագիրի իրագործման գործին մէջ: Մեր հիմնական քննարկումները առնչուած են հաղորդակցութիւններու ստեղծման: Մենք բարձր կը գնահատենք նաեւ եռակողմ համաձայնագիրի հիման վրայ հսկողութեան կեդրոնի ստեղծումը», ըսած է Պայրամով:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է` ազրպէյճանական կողմը բարձր կը գնահատէ տարածքներու ականազերծման հարցին մէջ ռուսական կողմի նախաձեռնութիւնները:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պայրամով յայտնած է. «Հայ զինուորներուն հետ կը վարուինք միջազգային մարդասիրական օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան, կալանքի պայմանները եւս կը համապատասխանեն այդ արժեչափերուն:
«Այդ հայ զինուորներուն հետ կը վարուինք միջազգային մարդասիրական իրաւունքի արժեչափերուն եւ սկզբնունքներուն համապատասխան, կալանքի պայմանները եւս կը համապատասխանեն այդ արժեչափերուն: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի, Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի աշխատակիցները պարբերաբար կ՛այցելեն անոնց», ըսած է Պայրամով:
Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը իր խօսքին մէջ նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճան շատ յաճախ Հայաստանի կողմէ ոչ կառուցողական մօտեցումներ կը տեսնէ, եւ հայկական կողմի վարմունքը աւելորդ բեռ է հոլովոյթին համար:
«Կը կարծենք, որ նման վարմունք չի նպաստեր շրջանին մէջ կացութեան կարգաւորման: Ասոր հիմնական պատճառը հայ զինուորներու` Ազրպէյճանի տարածք ներթափանցելու փորձերն են: Անցեալ տարուան նոյեմբերի վերջաւորութեան հայ զինուորներու` Ազրպէյճանի տարածք անօրինական ներթափանցումը, ատոր պատճառով դեկտեմբերին ազրպէյճանցի զինուորներու զոհուիլը եւ վիրաւորումներ ստանալը Ազրպէյճանի դէմ զինուորական յանցագործութիւններ են: Ազրպէյճանի գաղտնի սպասարկութիւններու գործողութեան հետեւանքով սպաննուած է ներթափանցում կատարած քանի մը հայ զինուոր, իսկ մի քանին բերման ենթարկուած են: Ներկայիս անոնց դէմ կը շարունակուին քննչական քայլերը», նշած է Պայրամով:
«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Լաւրով նշած է, թէ Ռուսիան կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականապատ դաշտերու քարտէսները Ազրպէյճանին յանձնելու, գերիներու փոխանակման եւ Ղարաբաղի խնդիրով այլ մարդասիրական հարցերու լուծումը արագացուի:
«Ինչ կը վերաբերի ականապատ տարածքներու քարտէսներուն, մենք սկզբունքօրէն կողմ ենք, որ մարդասիրական նշանակութիւն ունեցող բոլոր հարցերը լուծուին կարելի եղածին չափ գործնական եւ առանց որեւէ նախապայմանի: Ես նկատի ունիմ թէ՛ զոհուածներու մարմիններու վերադարձը, թէ՛ անյայտ կորսուածներու որոնումը, պատերազմական գերիներու վերադարձը եւ այն խնդիրներու որոնումը, որոնք, ինչպէս ընդունուած է ըսել, առնչուած են պատերազմի հետեւանքներուն, տուեալ պարագային` ականներու հետ», ըսած է Լաւրով:
Ան նաեւ նշած է, որ ականապատ դաշտերու քարտէսներու տրամադրման հարցը քննարկած է քանի մը օր առաջ Երեւանի մէջ: Լաւրով հաւաստած է, որ այդ ուղղութեամբ առաջին նախնական քայլերը կատարուած են:
«Ես անոնց մասին տեղեկացուցած եմ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան: Կ՛ակնկալենք, որ այդ հոլովոյթը էապէս արագացուի եւ արտօնէ խնդիրը լուծել ամբողջութեամբ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ կարելի է խօսիլ Հայաստանի հետ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին: «Ազրպէյճանը ատով հետաքրքրուած է: Մենք քայլերու կը ձեռնարկենք այդ ուղղութեամբ, պիտի շարունակենք քայլերու ձեռնարկել նաեւ ապագային: Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճան ապրող հայերուն, մենք բազմիցս ըսած ենք, որ պատրաստ ենք կատարելու անոնց առնչուած պարտականութիւնները, ընելու ամէն ինչ անոնց քաղաքական, տնտեսական, ընկերային համարկման համար»:
«Կը կարծենք, որ իսկապէս եզակի իրավիճակ ստեղծուած է: Ազրպէյճանը կատարած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերը եւ վերականգնած իր տարածքային ամբողջականութիւնը», աւելցուցած է Պայրամով:
«Մինվալ» հաղորդեց, որ Լաւրով յայտնած է, որ բոլոր մարդասիրական խնդիրները պէտք է կարելի եղածին չափ արագ լուծուին: Լաւրովի համաձայն, մարդասիրական հարցերը կը ներառեն ականապատ տարածքներու քարտէսներու տրամադրումը, ինչպէս նաեւ գերիներու եւ զոհերու մարմիններու վերադարձը:
«Առաջին քայլերը արդէն ձեռնարկուած են: Յոյսով ենք, որ հարցը շուտով պիտի լուծուի», ըսած է Լաւրով` աւելցնելով, որ այս քայլը քննարկուած է Երեւանի մէջ: «Ինծի կը թուի, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը հասկնայ, որ այս հարցը պէտք է լուծել: Եւ կատարուած են առաջին քայլերը, եւ ես այդ մասին տեղեկացուցած եմ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը: Յոյսով ենք, որ այս հարցը պիտի արագանայ եւ ամբողջովին պիտի լուծուի», ըսած է Լաւրով:
«Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Լաւրով Պաքուի մէջ յայտարարած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը շարունակէ պահանջուած մնալ` նախ եւ առաջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման շուրջ համագործակցութեան եւ կողմերուն միջեւ վստահութեան ստեղծման քայլերը յառաջ մղելու գործին մէջ»:
Լաւրով Պայրամովի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, «Ռուսիան մտադիր է ուրուագծել Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու որոշակի քայլերը»: Պայրամով իր կարգին անգամ մը եւս հաստատած է Ազրպէյճանի այն կեցուածքը, որ Պաքուի մէջ հայ ռազմագերիներ չկան եւ բոլոր ռազմագերիները վերադարձուած են Հայաստան: