Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` խօսելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի վերջին օրերու թէժացման մասին, յայտարարած է, որ Իսրայէլի գործողութիւնները դատապարտելը բաւարար չէ, անհրաժեշտ են շօշափելի քայլեր:
«Օրինակ` Պաղեստին «միջազգային պաշտպանութեան ուժեր» ուղարկել», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն ըսած է Չաւուշօղլու:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը մասնաւորաբար առաջարկած է ստեղծել Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ խումբ մը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ պաշտպանել «Պաղեստինի քաղաքային բնակչութիւնը»:
Թուրքիան նաեւ մտադրութիւն յայտնած է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի սրումին հարցով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի արտակարգ նիստ գումարելու առաջարկ ներկայացնելու: