Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան Ու Ճափոնը Քիուսիու Կղզիին Վրայ Միացեալ Ռազմափորձերու Սկսած Են

May 12, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճափոնի ինքնապաշտպանութեան ուժերը ֆրանսացի զինուորներու եւ Միացեալ Նահանգներու նաւազներու հետ միացեալ ռազմափորձերու սկսած են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռազմափոձերը տեղի պիտի ունենան Քիուսիու կղզիին վրայ` Քոկոշիմա, Միաձաքի եւ Նակազաքի գաւառներու տարածքին մէջ. անոնց պիտի մասնակցի աւելի քան 200 մարդ:

Կը նշուի, որ ռազմափորձերու ծիրին մէջ Սասեպօ նաւահանգիստ մուտք պիտի գործէ ֆրանսական «Ժան տ՛Արք» թեթեւ յածանաւը: Ճափոնական կողմէն ռազմափորձերուն պիտի մասնակցի ծովային ինքնապաշտպանութեան ուժերու արագ արձագանգման անկարգելաւորներու զօրամասը:

Ռազմափորձերը պիտի աւարտին 17 մայիսին: Ճափոնի պաշտպանութեան նախարար Նոպուօ Քիսի նշած է, որ ռազմափորձերը պէտք է ամրապնդեն եռակողմ գործակցութիւնը, ինչ որ իր կարգին պիտի նպաստէ ազատ եւ բաց Հնկդա-խաղաղովկիանոսեան շրջանի ապահովման:

Ճափոնի ինքնապաշտպանութեան ուժերը եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորները Քիուսիու կղզիին վրայ երեք անգամ կատարած են նման ռազմափորձեր, սակայն ֆրանսացի զինուորները առաջին անգամ ըլլալով կը միանան անոնց:

Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ճափոնի զինեալ ուժերու ընտիր ստորաբաժանումները երեքշաբթի սկսած միացեալ ռազմափորձերուն ժամանակ առաջին անգամ մարտական գործողութիւններ պիտի մշակեն քաղաքային պայմաններու մէջ:

Անոնք Արեւելաչինական ծովուն` Ճափոնի վերահսկողութեան տակ գտնուող կղզիներուն մէջ պիտի փորձարկեն անկարգելով էջքի գործողութիւնները:

Նախորդը

«Գեղանկարչութիւնը Հաւատացեալի Մը Ապրումն Է` Մասնակցելու, Արարիչին Հետքերով, Ստեղծագործութեան», Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Երկու Պետութիւններու Ստեղծման Ճամբով Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Պլինքըն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.